Թուրքիա. Կը Վերանորոգուի Կիւրինի Սուրբ Աստուածածինը

 

 

 

 

 

 

 

 

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ հայկական ժառանգութեան աւերուած բեկորներէն մէկուն եւս` Կիւրինի շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնումի լուրը:

Կիւրին կը գտնուի Սեբաստիայէն, Մալաթիայէն, Կեսարիայէն եւ Մարաշէն գրեթէ հաւասար հեռաւորութեան վրայ: Ան հայկական աշխարհագրութեան մէջ կը շեշտուի Գառնակ անունով:

Անցեալի հայաբնակ Կիւրինի մէջ հայերը ունեցած են ինը եկեղեցի. չորսը` Հայաստանեայց առաքելական, երկուքը` կաթողիկէ եւ երեքը` աւետարանական:

Գեղեցիկ շէնքեր ունեցած են Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցին եւ Ձախաձորի Սուրբ Փրկիչը: Գեղարուեստական զարդարանքներով հարուստ, այժմ կիսափուլ այդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին է, որ պիտի վերականգնուի քաղաքապետարանին ջանքերով:

 

 

 

 

 

 

 

 

Ըստ քաղաքապետ Մ. Աքթաշի, եկեղեցին ԺԱ. դարու հնութիւն մըն է, բայց ներկայ տեսքը գտած է ԺԹ. դարուն: Եկեղեցւոյ գրաւած տարածքին մէկ մասը կը պատկանէր անհատ սեփականատիրոջ մը, որմէ գնուած է քաղաքապետարանին կողմէ:

«Սկսած է վերանորոգման ծրագրաւորումը: Այդ հանգրուանէն ետք պիտի գնահատենք հաւանական ծախսը եւ պիտի սկսինք վերանորոգութեան աշխատանքներուն:

«Ներկայիս Կիւրինի մէջ հայ համայնք գոյութիւն չունի: Բայց եթէ ցանկութիւն ըլլայ, մենք պատրաստ ենք վերանորոգուած շէնքը որպէս եկեղեցի բանալու: Բայց եթէ այդպէս պահանջ մը չըլլայ, անիկա պիտի գործածուի որպէս մշակոյթի կեդրոն, սպասարկման վայր կամ թանգարան», ըսած է քաղաքապետը:

1915-էն ետք, երբ Կիւրին հայաթափ եղաւ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին միջոց մը գործածուեցաւ որպէս բանտ: Աւելի ետք ան վերածուեցաւ նախ շարժանկարի, ապա հարսանեկան սրահի: Եկեղեցին կը համարուի ԺԹ. դարու հայկական ճարտարապետութեան ընտիր նմուշներէն մէկը:

Share this Article
CATEGORIES