Իրաքցի Նախկին Պաշտօնատար Մը Կոչ Կ՛ուղղէ Իրաքի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Հարցը Քննարկելու

«Ասրար» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար Լապիտ Իպաուի յայտնած է, որ «Օսմանեան պետութեան կողմէ» հայոց եւ ասորիներու ցեղասպանութեան ոճիրը դիւրին հարց մը չէ եւ Իրաքի կողմէ անոր ճանաչումը պէտք է ունենայ տուեալներ, որոնց առաջինը այդ հարցը իրաքեան սեղանի վրայ դնելով Թուրքիոյ հետ անոր ազդեցութեան հարցը սերտելն է:

Ան աւելցուցած է, որ այդ հարցը նաեւ պէտք է ներկայացուի Իրաքի մէջ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններուն, ապա Իրաքի խորհրդարանը Հայոց եւ ասորիներու ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ քուէարկութիւն կը կատարէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )