Հռոմի Պապին Հետ Տեսակցելէ Ետք Պէյրութ Իր Վերադարձին. «Շրջանի Գծով Մեր Տեսակէտներուն Միջեւ Լրիւ Համախոհութիւն Տիրեց» Յայտարարեց Եազիժի Պատրիարքը
Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն-ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ երեկոյ վերադարձաւ Պէյրութ` Հռոմի մէջ տեսակցելէ ետք Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
«Խորհրդակցեցանք եկեղեցական եւ շրջանի հարցերուն շուրջ», յայտնեց Եազիժի պատրիարքը` ցաւ յայտնելով Սուրիոյ եւ Լիբանանի դէպքերուն համար եւ ընդգծելով, որ այս գծով աղօթքները անպակաս են:
CATEGORIES Լիբանանեան