Էխհորեսթ Վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան Զօրակցութիւնը Լիբանանի Կայունութեան Եւ Գերիշխանութեան
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ, երէկ շարունակելով իր հանդիպումները երկրի զանազան կողմերու ղեկավարներուն հետ, անջատ այցելութիւններ տուաւ Լիբանանեան ժողովրդավարկան կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Թալալ Արսլանին եւ այլ պատասխանատուներու:
Հանդիպումներուն ընթացքին Էխհորեսթ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան