Երեկոյեան Վերսկսած Բախումներու Կասեցման Համար. Բանակը Միջամտեց Եւ Անդորրութիւնը Վերահաստատեց Պաալպեքի Շրջանին Մէջ
Երէկ երեկոյեան զինեալ բախումներ պատահեցան Պաալպեքի Թմնին Թահթա գիւղաքաղաքին մէջ` պատճառելով երկու վիրաւորներ:
Բանակը փութաց միջամտել եւ յաջողեցաւ կասեցնել կրակոցն ու վերահաստատել խաղաղութիւնը:
– Նմանապէս, լարուած մթնոլորտ տիրեց երէկ երեկոյ Թրիփոլիի Նըժմէի հրապարակին վրայ, երբ Հաուշար եւ Թայմուր ընտանիքներուն միջեւ միջադէպը վերածուեցաւ զինեալ կրակոցներու:
CATEGORIES Լիբանանեան

