Ֆայեզ Ղոսըն Ընդունեց Հոլանտայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանները
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ անջատաբար ընդունեց Հոլանտայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները:
Դեսպան Տէյվիտ Հէյլի հետ ան քննարկեց շրջանի եւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներու միջեւ զինուորական գործակցութեան կարելիութիւնները:
Իսկ Հոլանտայի դեսպան Հեսթըր Սոմսընի հետ քննարկուեցան երկու պետութեանց փոխյարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, Ղոսըն դրուատեց բանակի ճիգերը` երկրի ապահովական հարցերուն լուծման գծով: «Բանակը Լիբանանը տեղադրեց աշխարհի այլ պետութեանց հետ գործակցելու ատակ եւ կարող պետութեանց շարքին», ընդգծեց Ղոսըն:
CATEGORIES Լիբանանեան



