Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Իր Ընտրանքները Պիտի Ճշդէ Իր Համագումարին Ընթացքին

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան

«Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը ընթացիկ 11 հոկտեմբերի իր համագումարին ընթացքին պիտի ճշդէ իր ընտրանքները եւ հրապարակէ իր մարտավարութիւնները» յայտարարեց համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ` համախմբումի շաբաթական նիստէն ետք:

«Պետութեան եւ անոր կառոյցներուն կերտումը սոսկ յայտարարութիւններով եւ կարգախօսով չ՛իրականանար, այլ անիկա հիմնուած է երեք սկզբունքներէ բաղկացած ծրագիրի վրայ», շարունակեց Քանաան` նշելով հետեւեալ երեք սկզբունքները.

Սուրիացի գաղթականներու հոսքը:

«Պաապտայի յայտարարութիւն»-ն ու Լիբանանի չէզոք քաղաքականութիւնը:

Պետութեան հաստատութիւններուն մէջ իշխանութեան բացակայութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )