Վերահաստատելով Իր Երկրին Զօրակցութիւնը Լիբանանի Նկատմամբ. Ֆրանսացի Նախարար Հելեն Մուրէ Բարձր Գնահատեց Լիբանանի Ճիգերը` Սուրիացի Գաղթականներու Հարցին Գծով

Նախագահ Սլէյման եւ Մուրէ

Սուրիացի գաղթականներու հետզհետէ շեշտուող հոսքը` իր մարդկային, ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքներով, կը շարունակէ մտահոգել լիբանանցի թէ առնչակից կողմերու վարիչները:

Այս իմաստով, արտերկրի ֆրանսացիներու կացութեան հետեւելու հարցով լիազօրուած ֆրանսացի նախարար Հելեն Քոնուայ Մուրէ երէկ այցելեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի: Այս առիթով ան վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ` բարձր գնահատելով Լիբանանի ճիգերը սուրիացի գաղթականներու «հիւրընկալման» գծով:

Նշենք, որ նախարար Մուրէ, որուն կ՛ընկերանար Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիք Փաուլի, երէկ շարունակեց հանդիպումները լիբանանցի ղեկավարներուն հետ` այցելելով նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Share this Article
CATEGORIES