«Եուրօ Նիուզ»-ի Հետ Հարցազրոյցի Ընթացքին. «Լիբանան Իր Դռները Չէ Փակած Սուրիացի Գաղթականներուն Դէմ» Ընդգծեց Նեժիպ Միքաթի

Նեժիպ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան իր դռները չէ փակած սուրիացի գաղթականներուն դէմ, սակայն լիբանանեան պետութիւնը վերապահ է եւ քննութեան կ՛ենթարկէ Լիբանան ապաստանիլ փափաքող սուրիացիներու փաստաթուղթերը` ստուգելու համար, եթէ անոնք ապաստանեալի իրավիճակին համապատասխան են:

«Եուրօ Նիուզ»-ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին կատարած յայտարարութեամբ Միքաթի նպատակայարմար նկատեց Լիբանանի որդեգրած չէզոք քաղաքականութիւնը ներկայ պայմաններուն մէջ:

Միքաթի դրուատեց գործունէութիւնը լիբանանեան դրամատուներուն, որոնք զգուշ եւ վերապահ են իրենց մօտ գումար պահ դնող կամ ներդրում կատարող յատկապէս սուրիացիներու գծով:

Միքաթի այս առիթով կոչ ուղղեց բոլորին` ո՛չ հեռուէն, ո՛չ ալ մօտէն միջամուխ դառնալու Սուրիոյ դէպքերուն, որովհետեւ նման քայլ մը կը վնասէ Լիբանանի շահերուն»:

Share this Article
CATEGORIES