Ինտոնեզիոյ Ծովամոյն Լիբանանցիներու Ողբերգութենէն Հինգ Օր Ետք. Լիբանանցիք Կը Շարունակեն Փնտռտուքի Եւ Փրկութեան Իրենց Ճիգերը
Լիբանանցիք պետական, քաղաքական թէ ժողովրդային մակարդակներու վրայ սուգի եւ ցասումի տրամադրութիւններով համակուած, կը շարունակեն իրենց փնտռտուքի թէ փրկութեան ճիգերը:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մօտէն կը հետեւի այս հարցի զարգացումներուն` անհրաժեշտ ցուցմունքները տալով դիւանագիտական անձնակազմին` չզլանալու ոչ մէկ ճիգ:
Այս ծիրին մէջ պետութիւնը զօրաշարժի ենթարկեց իր բոլոր կարելիութիւնները` ամէնէն կարճ ժամանակին մէջ լուծելու այս հարցը:
Վարչապետարանը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կրկնեց իր ցաւակցութիւնները զոհերուն համար եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց անոնց ընտանեկան պարագաներուն: Հաղորդագրութիւնը նշեց վարչապետարանին կատարած հաղորդակցութիւնները առնչակից պետութեանց հետ` կոչ ուղղելով քաղաքական խաղաքարտի չվերածելու այս հարցը եւ զայն գերիվեր նկատելու քաղաքական նկատառումներէ:
Իսկ զոհեու ընտանեկան պարագաները եւ յատկապէս Աքքարի Քպիիթ գիւղի բնակիչները որոշ ժամանակով փակեցին շրջանի ճամբաները` պետութենէն պահանջելով խտացնել իր ճիգերը այս հարցին լուծման համար:
Նշենք, որ նաւամոյն եղած լիբանանցի զոհերուն ինքնութիւնը անճանաչելի դարձած է, առ այդ` լիբանանեան պատկան մարմինները զոհերու եւ անյայտ նկատուող լիբանանցիներու հարազատներէն պահանջեցին «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւն կատարել, որ պատկան իշխանութեանց հետ գործակցաբար դիւրացնեն զոհերու ինքնութեան յայտնաբերումը: Նշենք, որ այս միջոցառումներուն արդիւնքները շուրջ մէկ ամիս ետք կրնան յստակացնել զոհերու ինքնութիւնը: Այս առնչութեամբ զոհերու հարազատներէն ներկայացուցիչներ արդէն իսկ Ինտոնեզիա ուղղուած են` մօտէն հետեւելու այս հարցի ծալքերուն:
Իսկ պետութիւնը իր կարգին Փրկութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պաշիրի գլխաւորութեամբ վեց մասնագէտներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը առաքեց Ինտոնեզիա` անհրաժեշտ բանակցութիւնները կատարելու համար: Պատուիրակութեան շատ հաւանաբար մաս կազմէ նաեւ նախարար Ահմետ Քարամէ:
Իրենց կարգին, առնչակից պետութեանց թէ մերձակայ երկիրներու լիբանանեան դիւանագիտական կազմեր զօրաշարժի մատնուած են եւ հետեւելով լիբանանեան իշխանութեանց ցուցմունքներուն կը շարունակեն իրենց ճիգերը այս հարցին գծով:
Զոհերու հարցին կողքին կայ նաեւ փրկուած 18 լիբանանցիներու պարագան, որ, ըստ լիբանանեան դիւանագիտական աղբիւրներու, տեղափոխուած են մօտակայ պանդոկ մը` սպասելով իրենց պետական փաստաթուղթերու պատրաստութեան` Լիբանան վերադառնալու համար:
Լիբանանեան պետութիւնը, յանձին Ինտոնեզիոյ, Մալեզիոյ թէ Քանատայի իր դիւանագիտական կազմերուն, կ՛աշխատի ամբողջացնել նաեւ 30 այլ լիբանանցիներու տունդարձի պետական փաստաթուղթերը: Անոնք եւս կը ծրագրէին Ինտոնեզիայէն Աւստրալիա անցնիլ` միջազգային զեղծարար մաֆիաներու զոհ դառնալով: Նմանապէս, լիբանանեան պատկան կողմեր կ՛աշխատին ազատ արձակել Ինտոնեզիոյ մէջ ապօրինի մուտք գործած ըլլալու յանցանքով արգելափակուած վեց լիբանանցիներ, որոնք բախտով փրկուած էին նաւու ընկղմելուն ողբերգութեան արկածէն:
Կը մնայ, որ փրկուած լիբանանցիներէն առնուազն վեց հոգի «առեւանգուած» կը նկատուի նշեալ զեղծարար մաֆիաներու ղեկավարներէն իրաքցի Ապու Սալեհի կողմէ, որ իր բանտախուցէն կը շարունակէ ղեկավարել օրապահիկի փնտռտուքով ապօրինի միջոցներով դէպի «դրախտ» հասնիլ ուզողներու «մաքսանենգումը»: Լիբանանեան իշխանութիւնները տրամադիր են նոյնիսկ գումար վճարելու` փրկելու համար առեւանգեալ լիբանանցիները:
Միւս կողմէ, հետաքննութիւնները կը շարունակուին քողազերծելու համար նշեալ մաֆիայի մեղսակիցները: Այս իմաստով, 4 լիբանանցիներ հարցաքննուած են, եւ անոնցմէ մէկը ձերբակալուած է խիստ հարցաքննութիւններէ ետք:
Յայտնենք, որ երէկ երեկոյեան եւ շնորհիւ պատկան կողմերուն եւ ապահովական ուժերուն, վերաբացուեցան Աքքարի փակուած ճամբաները:
Իսկ իրազեկ աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնեցին գաղտնի մեղսակցութեան գոյութեան գծով` Ինտոնեզիոյ իշխանութեանց եւ նշեալ մաֆիայի տարրերուն միջեւ:
Նշենք, որ փրկուած լիբանանցիներու գտնուած ինտոնեզիական «Սարա» պանդոկը կը գտնուի Ինտոնեզիոյ ապահովական ուժերու խիստ հսկողութեան տակ:


