Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հայ – Ամերիկեան Տնտեսական Կապերու Զարգացման Նուիրուած Կլոր-Սեղան Կայացուց

 

Տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-ամերիկեան աշխատանքային խումբի տարեկան հանդիպման ընդառաջ` Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի  յանձնախումբը երէկ կազմակերպեց երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման նուիրուած կլոր-սեղան քննարկում մը:

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի  յանձնախումբը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած է բազմակողմանի եւ կառուցողական միտքերու փոխանակում` Հայաստանի, Արցախի եւ ամերիկահայ համայնքին հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն մէջ բազմաբնոյթ փորձառութիւն ունեցող շահագրգիռ կողմերուն միջեւ:

«Մեզի համար հաճելի էր բաց քննարկման հրաւիրել հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ներկայ կարգավիճակին եւ ապագայ ուղղութիւններուն վերաբերեալ, որ երկու կողմերէն բնութագրուած է իբրեւ կառուցողական փոխանակում տարբեր տեսակէտներու տէր, սակայն ազգային եւ ժողովրդավարական ընդհանուր ձգտումներ ունեցող մարդոց միջեւ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի  յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-ամերիկեան աշխատանքային խումբի նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն առնչուող բազմաթիւ հարցեր,  յատուկ ուշադրութիւն պիտի տրուի առեւտուրի եւ ներդրումներու մակարդակի բարձրացման հարցին: Ըստ Համբարեանի, հոկտեմբերին կ՛ակնկալուի հիմնականին մէջ օգնութեան վրայ հիմնուած հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները բարձրացնել նոր մակարդակի` քննարկման դնելով  շարք մը յստակ ուղղութիւններ, առեւտուրի ընդլայնում, նոր ներդրումներ եւ լաւ աշխատատեղեր, «որոնք յոյս եւ կարելիութիւններ կը ստեղծեն երկու ժողովուրդներուն համար»:

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի  յանձնախումբը երկար տարիներ ջանացած է, որ Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւններուն մէջ ընդգրկուի նաեւ հայ-ամերիկեան տնտեսական կապերու ընդլայնումը, որ պիտի նպաստէ նոր աշխատատեղերու ստեղծման, պիտի ամրապնդէ հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու երկարամեայ բարեկամութիւնը, պիտի օգնէ վնասազերծելու թուրք-ազրպէյճանական շրջափակման ազդեցութիւնը, եւ ամէնէն կարեւորը` Հայաստանի համար պիտի ստեղծուին ռազմավարական կարելիութիւններ շրջանին մէջ իր տնտեսական եւ ապահովութեան քաղաքականութիւնը կազմակերպելու գծով:

Տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-ամերիկեան աշխատանքային խումբը ստեղծուած է 2000 թուականին եւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը խորացնելու, առեւտուրին ու ներդրումներուն վերաբերող հարցերը քննարկելու, Հայաստանի տնտեսական ու շուկայական բարեփոխումները յառաջ մղելու եւ Հայաստանի հեռանկարային տնտեսական զարգացման համար Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան մարզերը վեր հանելու հարթակ է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES