Գէորգ Կոստանեան Հայաստանի Ընդհանուր Դատախազ` 103 Թեր Եւ 3 Դէմ Քուէներով
Ձայներու 103 թեր, 3 դէմ յարաբերակցութեամբ երէկ Ազգային ժողովին կողմէ Հայաստանի ընդհանուր դատախազ ընտրուեցաւ Գէորգ Կոստանեան: Քուէարկութեան մասնակցեցան 108 պատգամաւորներ: Երկու քուէաթերթիկներ անվաւեր ճանչցուեցան:
Ընտրուելէն ետք Գէորգ Կոստանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային ժողովին վստահութեան քուէն ստանալու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի բարձր վստահութեան համար: «Պիտի կառուցենք մեր Հայաստանը` միասին», յայտարարեց նորընտիր ընդհանուր դատախազը:
Վարդանեան. «ՀՅԴ–ն Ազատ Է Քուէարկութեան Մէջ»
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշումը ընդհանուր դատախազի թեկնածու Գէորգ Կոստանեանի վերաբերեալ յայտնելու ընթացքին` խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ի պատգամաւորները ազատ պիտի ըլլան քուէարկութեան հարցին մէջ: Ան նշեց, որ դատական-իրաւական համակարգը ցած վստահելիութիւն ունի, եւ չթերագնահատելով անհատի դերը` ՀՅԴ-ն կ՛ըսէ, որ միայն համակարգի փոփոխութեամբ կարելի է իրավիճակ փոխել: Ըստ Վարդանեանի, ատիկա պէտք է կատարէ իշխանութիւնը:
«Մենք ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ պաշտօնավարման ընթացքին Կոստանեան առաջնորդուի իր բարձրաձայնած սկզբունքով եւ փոխէ իրավիճակը: Այս հանգամանքէն մեկնելով` մեր խմբակցութեան անդամները ազատ են քուէարկութեան մէջ», եզրափակեց դաշնակցական պատգամաւորը:

