ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սամիր Ժահժահի
Լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներու հետ իր հանդիպումներուն ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, բաղկացած` ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Աւետիս Կիտանեանէ, Րաֆֆի Աշքարեանէ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց Մաարապ, ուր խորհրդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանեան ուժերու կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքաղաքական հարցերը եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


