Նախագահ Սարգսեանի Հետ Հանդիպում Ունենալէ Ետք. «Ֆրանսա Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի Եւրոպական Օրակարգի Յառաջ Մղումին» Կ՛ըսէ Ֆրանսուա Հոլլանտ

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշեց, որ երկու ժողովուրդներու պատմական սերտ կապերէն սնող հայ-ֆրանսական միջպետական յարաբերութիւնները վերջին քսան տարիներուն ընթացքին շարունակական զարգացում ապրած են` հասնելով պատմականօրէն ամէնէն բարձր մակարդակին:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները երէկուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձան հայ-ֆրանսական, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հարցերուն, շրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներուն:

Առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու առումով նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշեց Հայաստանի մէջ ֆրանսական գործարար ստուար համայնքի առկայութիւնը այնպիսի յառաջատար ընկերութիւններով, ինչպիսիք են «Քարֆուր»-ը, «Պեռնօ Ռիքար»-ը, «Օրանժ»-ը, «Քրետի Ակրիքոլ»-ը, «Ալքաթել»-ը եւ «Վէոլիա»-ն, որոնց վրայ շուտով պիտի աւելնան նորերը:

Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատեց այս տարուան ընթացքին սկսած Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան աջակցութեան ծրագիրները: Ան ընդգծեց, որ յաջողութեամբ կը զարգանայ նաեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը` գործընկերային սերտ կապեր հաստատուած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի 30-է աւելի տեղական իշխանութիւններուն միջեւ: Այդ շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի նախագահը յատկապէս կարեւոր նկատեց 15-17 հոկտեմբերին Վալանսի մէջ տեղի ունենալիք ապակեդրոնացուած համագործակցութեան 3-րդ համագումարը:

Հանդիպման ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսուա Հոլլանտին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ֆրանսական կողմին երկարամեայ հետեւողական ջանքերուն համար: Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները անգամ մը եւս ընդգծեցին, որ այլընտրանք չեն տեսներ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման: Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ առանձնակի կերպով կարեւոր կը նկատեն Ֆրանսայի նախագահի անձնական ներգրաւուածութիւնը այս հարցին մէջ:

Զրուցակիցները մանրամասնօրէն քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները: Անոնք համակարծիք եղած են այն հարցին մէջ, որ պէտք է առաւելագոյն ջանքերը գործադրել պահպանելու համագործակցութեան թափը եւ որակը, շարունակելու Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու հոլովոյթը, որուն վերաբերեալ նախագահ Սերժ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը: Նախագահ Հոլլանտ վստահեցուց, որ Ֆրանսան` իբրեւ Հայաստանի բարեկամ եւ Եւրոպական Միութեան յառաջատար պետութիւններէն մէկը, իբրեւ միջազգային խոշոր դերակատար, պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւրոպական օրակարգի յառաջ մղումին:

Հանդիպման ժամանակ Հայաստանի նախագահը վերստին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ Ֆրանսայի նշանակալի ներդրումին համար:

Երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի երկխօսութեան շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով, նախագահ Սերժ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստան պետական այցելութիւն կատարելու նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին ուղղուած հրաւէրը:

 

Share this Article
CATEGORIES