Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մնացէք ձեր որոշած ծրագրին վրայ, առանց ազդուելու շուրջիններուն կարծիքներէն: Իւրաքանչիւր անձ հարցի մը կը մօտենայ ըստ իր ճաշակին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մտերմութիւնը բարեկամութեան մէջ կարեւոր կրնայ ըլլալ, երբ վստահութիւն կը ներշնչէ փոխադարձաբար: Լաւ ճանչցէք ձեր բարեկամը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դրամական հարցերու համար դիմեցէք դրամատնային հաշիւը դասաւորող անձին, որ դիւրութիւն պիտի ընծայէ ձեր հոգը փարատելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբորդութիւնը հաճելի կ՛ըլլայ երբ ամբողջովին ազատ էք հոգերէ: Այս պարագային համբերելը անհրաժեշտ է: Սպասեցէք լաւ առիթի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հեռուէն լսուող թմբուկի ձայնը կրնայ զօրաւոր ըլլալ: Ձեր լսած գովասանքներուն ականջ մի տաք, անձի մը մասին ըլլայ այդ թէ այլ բան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ունիք մտահոգութիւն մը, զոր փարատելու համար կարիքը ունիք վստահելի անձի մը խորհուրդին: Առանձին որոշում մի տաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յաջողութեան պայմաններէն մէկն է ըլլալ ինքնավըս-տահ, կատարելիք աշխատանքին համար նախօրօք ուսումնասիրութիւն մը ըրէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Խնայասիրութիւնը ձեր նկարագրին մաս կը կազմէ, այսուհանդերձ մի տարուիք նոր ցանկութիւններէ, եթէ անհրաժեշտ չէ այդ գնումը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ անգիտակցաբար սխալ մը գործէք, անդրադարձէք եւ ջանացէք սրբագրել, որովհետեւ ամէն մարդ կը սխալի: Յանցանքը ծածկելը սխալ մըն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վաղուան մասին մի մտածէք: Ծրագիրներ ունեցէք առանց մտահոգուելու: Օրը ուրախ անցընելու մասին մտածեցէք: Սիրալիր եղէք շրջապատին հետ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամառնային օրերը կրնան հաճելի ըլլալ, եթէ ունենաք անկեղծ ընկերակիցներ ծով կամ գիւղ երթալու պարագային: Առանձին պտոյտը հաճելի եւ հետաքրքըրական չի կրնար ըլլալ: Այս մասին մտածեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ մուրհակի վճարում ունիք, ժամանակն է վճարելու: Մոռնալը կրնայ նոր պարտքերու դուռ բանալ: Արթուն եղէք եւ ճշդապահ այս պարագային:

