Սուտանցի Պաշտօնատարները Արտաքին Աշխարհը Կը Մեղադրեն «Արաբական Գարուն» Իրականացնելու Փորձի Յանցանքով
«Հաֆինկթըն Փոսթ» կը հաղորդէ, որ Սուտանի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ երկրին մէջ մէկ շաբաթէ ի վեր շարունակուող բողոքի ցոյցերուն 700 մարդ ձերբակալուած է:
Կան նաեւ երեք տասնեակէ աւելի զոհեր: Ըստ իրաւապաշտպաններու, այդ զոհերու թիւը 150 է:
Իշխանութիւնները կրճատած են վառելանիւթի նիւթական աջակցութիւնը, ինչի պատճառով մարդիկ յարձակած են պենզինի 40 կայաններու վրայ: Պենզինի գինն ալ կրկնակի չափով սղած է:
Սուտանի ներքին գործոց նախարարը ցոյցերը վերագրած էր արտաքին միջամտութիւններու: Լրագրողները արդէն զինք մեղադրած են սուտ խօսելու յանցանքով, իսկ Սուտանի տեղեկատուութեան նախարարը իր կարգին արտաքին աշխարհը մեղադրած է «Արաբական գարուն»-ը Սուտան ներմուծելու փորձի յանցանքով:
CATEGORIES Միջազգային