Միացեալ Նահանգներ Կառավարութեան Գործունէութեան Մասնակի Դադրեցման Պատճառով Ժամական 12.5 Միլիոն Տոլար Կը Կորսնցնեն

Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ «Այ.Էյչ.Էս. Կլոպըլ Ինսայթ» խորհրդատուական ընկերութեան կատարած հետազօտութեան, Միացեալ Նահանգներու պետական հաստատութիւններուն փակումն ու կառավարութեան գործունէութեան մասնակի դադրեցումը պիւտճէին ժամական 12.5 միլիոն տոլարի, օրական 300 միլիոն տոլարի, իսկ շաբաթական 1.6 միլիառ տոլարի վնաս կը պատճառէ:

Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ հարկատուները իւրաքանչիւր ժամ միլիոններ կը վճարեն կառավարութեան, որ դադրած է որեւէ աշխատանք կատարելէ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, իր երկրին մէջ ստեղծուած պիւտճէական անելին պատճառով երէկ Մալեզիա եւ Ֆիլիփեան կղզիներ իր այցելութիւնը յետաձգեց:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )