Ռասմուսեն Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Անկախութեան Ճանաչման Որոշումը Վերատեսութեան Ենթարկելու
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն Ռուսիոյ կոչ ուղղած է վերատեսութեան ենթարկելու Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութեան ճանաչման որոշումը: «ՕԹԱՆ-ի դիրքորոշումը շատ յստակ է: Ինչպէս նշուած է Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին ընթացքին (մայիս 2012), ՕԹԱՆ կ՛աջակցի Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան` միջազգային ընտանիքին կողմէ ընդունուած սահմաններուն մէջ», նշուած է անոր հաղորդագրութեան մէջ:
Ան նշած է, որ ինք անհանգստացած է սահմանազատման ուղղուած Ռուսիոյ շարունակուող աշխատանքներով: Ըստ անոր, նման քայլերը չեն նպաստեր խնդիրի խաղաղ լուծման:
CATEGORIES Միջազգային

