«Հիւլէական Ճարտարագիտութեան Տիրանալն Ու Իւրանիոմ Հարստացնելը Բանակցելի Չեն» Ըսաւ Ռուհանի
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ «հիւլէական ճարտարագիտութեան տիրանալն ու Իրանի մէջ իւրանիոմ հարստացնելը բանակցելի չեն, եւ իրանցի ժողովուրդը պէտք է ատոր վստահ ըլլայ»:
Ռուհանի Իրանի կառավարութեան նիստի ընթացքին իր կատարած յայտարարութեան մէջ աւելցուց, որ «Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան նկատմամբ մեր քաղաքականութիւնը մեր հիւլէական կայաններուն հսկողութեան առջեւ բաց դռներու քաղաքականութիւն է»:
Ան նշեց, որ «Ուաշինկթընի հետ յարաբերութեանց վրայ իշխող մթնոլորտը մութ եւ մշուշոտ է»:
Հիւսէյնի Կ՛ողջունէ Իրան–Ամերիկա
Օդանաւային Թռիչքներու
Վերահաստատման Կարելիութիւնը
Իրանի խորհրդարանի Ազգային եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Հիւսէյն Նաքուի Հիւսէյնի ողջունեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ թռիչքներու հաստատման գաղափարը` նշելով, որ «այդ թռիչքներուն հաստատումը պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ այցելութեանց»:
Ան իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ «բազմաթիւ իրանցի քաղաքացիներ Ամերիկա կը բնակին եւ կը փափաքին Իրան այցելել: Անկասկած, անոնք մեծապէս պիտի ողջունեն այդպիսի թռիչքներու հաստատումը»:
Միւս կողմէ, Պէյրութի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիյա» օրաթերթին յայտնեցին, որ յառաջիկայ օրերուն իրանեան եւ սէուտական կողմերուն միջեւ տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ, որոնք երկու երկիրներուն միջեւ վեհաժողովի մը ճամբան պիտի հարթեն:
Ըստ օրաթերթի տեղեկութեանց, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի` Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հրաւէրով «սէուտական ուխտագնացութենէն» հրաժարելու պատճառը սէուտական-իրանեան քննարկումներուն ընթացքին Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ շարք մը թղթածրարներու շուրջ ներկայիս տեղի ունեցող բանակցութեանց տակաւին ամբողջացած չըլլալն է:


