«Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերու Ոչնչացման Աշխատանքին Ընթացք Առնելը Կը Հաստատէ, Որ Մենք Շիտակ Ճամբու Վրայ Ենք» Ըսաւ Փութին

Վլատիմիր Փութին

Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացման հարցով ՄԱԿ-ի որոշումին գործադրութեան պատասխանատու միջազգային մասնագէտներու խմբակը երէկ սկսաւ իր աշխատանքին:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացման աշխատանքի ընթացք առնելը կը հաստատէ, որ մենք շիտակ ճամբու վրայ ենք»:

Փութին նշեց, որ «Սուրիոյ տագնապի լուծման մասնակիցներուն քայլերու համակարգումը կ՛արտօնէ, որ խուսափինք ուժի գործածութեան դիպաշարէն»:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտնեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացումը զանգուածային քանդումի զէնքերէ ազատ շրջանի մը ստեղծման ճամբան պիտի հարթէ:

Չուրքին «Ռաշա Թուտէյ» պատկերափիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացումը պիտի ստեղծէ քաղաքական թափ մը, որ մեզի պիտի օգնէ Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն շուրջ համաձայնութենէն դէպի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում եւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի գումարում շարժելու»:

Զողպի. «Սուրիական Կառավարութիւնը
Իր Սովորութեան Համաձայն Իր Միջազգային
Յանձնառութիւնները Պիտի Յարգէ»

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի իր կարգին «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը ռուսական նախաձեռնութեան ընդառաջելով, քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնութեան միանալէն ետք, իր սովորութեան համաձայն, պիտի յարգէ իր միջազգային յանձնառութիւնները եւ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը վնասազերծելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2118 որոշումը»:

Ան շեշտեց, որ միջսուրիական երկխօսութեան գաղափարին գլխաւոր հեղինակը Դամասկոսն է, որ սկսած է պատրաստուիլ առանց նախապայմաններու «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու:

Զողպի ընդգծեց, որ «անոնք, որոնք Քայիտայի կամ Ժապհաթ Նուսրայի նման կազմակերպութեանց անդամներ են եւ անոնց աջակցողները երկխօսութեան մաս չեն կազմեր»:

Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտարարեց, որ ըստ նախնական գնահատման, 30 ամիսէ ի վեր շարունակուող սուրիական տագնապին պետական եւ սեփական մարզերուն պատճառած վնասները շուրջ 16 միլիառ տոլարով կը գնահատուին:

Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը պատրաստէ վերաշինութեան ծրագիր մը, «որ պիտի գործադրուի ազգային ջանքերով»` աւելցնելով, որ «բարեկամ երկիրներէ նիւթական որոշ վարկերու դիմում կրնայ ըլլալ»:

Սուրիոյ վարչապետը նշեց, որ վերաշինութիւնը ընթացք պիտի առնէ այն պահուն, երբ «ապահովական կայունութեան Սուրիա վերադարձը սկսի»:

Միւս կողմէ, Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան զինեալները երէկ Ազեզի մէջ յարձակում մը շղթայազերծեցին Սուրիական ազատ բանակի դիրքերուն դէմ եւ յաջողեցան գրաւել Մալիքիյայի զօրանոցն ու Շաթի եւ Մաարինի անցարգելները: Սուրիացի գործիչներ յայտնեցին, որ Մաարին եւ Եզպաք գիւղերէն դէպի Թուրքիա գաղթի մեծ շարժում մը յառաջացած է: «Մայատին» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը հաղորդեց, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան զինեալները Հասաքէի մէջ Ռաժըմ Ֆունուշ գիւղի բնակիչներուն հետ բախումներէ ետք գրաւեցին գիւղը:

Ըստ «Մայատին»-ի, սուրիական օդուժը երէկ ռմբակոծած է Հալէպի մէջ զինուորական Մաննաղ օդակայանը, որ կը գտնուի ընդդիմադիր զինեալներու վերահսկողութեան տակ:

 

Share this Article
CATEGORIES