ՔԱԿ Կը Խոստանայ Յառաջիկայ Շաբաթ Հակադարձել «Էրտողանի Քաղաքականութեան»
ՔԱԿ-ի ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարած բարեփոխումներու թղթածրարին նպատակը ընտրական շահեր ապահովելն է` նշելով, որ «թղթածրարը հարցերը չլուծելու քաղաքականութիւն մըն է»:
ՔԱԿ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի հակադարձէ Էրտողանի քաղաքականութեան:
CATEGORIES Միջազգային

