Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉԻ մաքսանենգութեան նշանաւոր փախստականներէն երեսնամեայ Ալի Ֆուատ Մաուլա երէկ ձերբակալուեցաւ իր վեց հետեւորդներով` լիբանանեան ապահովական ուժերու հետ արիւնալի բախումներէ ետք` Պաալպեքի մէջ:
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները երէկ ընդհատեցին Նահրի կեդրոնէն, Ժիէէն ետք Զուքի մէջ իրենց սկսած բողոքի ցոյցը` ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայէքի հետ խորհրդակցելէ ետք:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Նիւ Եորքէն Փարիզի ճամբով վերադարձաւ Պէյրութ` աւարտելէ ետք Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումները:
ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց դատական Գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահտը, որուն հետ խորհրդակցեցաւ դատական հարցերու շուրջ:
«ԼԻԲԱՆԱՆԻ կացութիւնը շատ աւելի լաւ է, քան շրջանի մերձակայ երկիրներու վիճակը», ընդգծեց Արաբական դրամատուներու միութեան գործադիր խորհուրդի նախագահ դոկտ. Ժոզեֆ Թարապէյ` Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ տեսակցելէ ետք:
ՍԼԷՅՄԱՆ Հայտարի հարազատներն ու բարեկամները երէկ երեկոյ փակեցին Շուէյֆատի մուտքը` իբրեւ բողոք Հայտարի առեւանգման դէմ:
ՄՈՀԱՄԵՏ Աժամի երէկ ձերբակալուեցաւ դեղագործ Օմար Սալեհի հետ, որ կը մեղսակցէր իրեն «Փենթակոն» թմրեցուցիչի պատրաստութեան եւ վաճառքի գործողութեանց մէջ:

