Ապահովութեան Ամրապնդումը Կը Շարունակուի Պատկան Կողմերու Սերտ Ճիգերուն Լոյսին Տակ

Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստէն պահ մը

Ընկերային, քաղաքական թէ տնտեսական հրատապ զանազան հարցերու կողքին, երկրի զանազան շրջաններու ապահովութեան ամրապնդումն ու անդորրութեան վերահաստատումը երէկ առանցքը կազմեցին քաղաքական պատասխանատուներու խորհրդակցութեանց:

Այս ծիրին մէջ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել նախագահեց Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին զանազան շրջաններուն, յատկապէս` Թրիփոլիի մէջ ապահովութեան վերահաստատման գծով լիբանանեան օրինական ուժերուն միջեւ գործակցութիւնն ու համակարգումը: Այս առնչութեամբ իմացուեցաւ, որ Շարպել կրնայ կրկին շրջաբերական մը ստորագրել` ներքին ապահովութեան ուժերու պահեստի տարրեր «գործի լծելու» գծով: Այլ աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ զանազան խմբաւորումներու զինուորական թեւերու միլիսներ «ներմուծուին» լիբանանեան օրինական ուժերու կառոյցներուն մէջ` այս կառոյցներու տարրերու թիւին յաւելման գծով:

Փլամպլի եւ Շարպել

Շարպել նախքան նշեալ ժողովը մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց, որ «Թրիփոլիի ապահովական խնդիրը աւելի բարդ է, քան միւս շրջանները: Ներկայիս կ՛աշխատինք Թրիփոլին «մաքրել» իր ներքին թշնամիէն», աւելցուց Շարպել` ընդգծելով, որ Հըզպալլա իր զինեալները հեռացուցած է ոչ միայն Պաալպեքէն եւ Նապաթիէէն, այլեւ` լիբանանեան բոլոր շրջաններէն»: Շարպել կոչ ուղղեց ժողովրդային թէ քաղաքական պատկան խմբաւորումներուն գործակցելու եւ դիւրացնելու լիբանանեան ապահովական ուժերու եւ բանակին առաքելութիւնը:

Միւս կողմէ, Շարպել ձեռնարկեց զանազան խորհրդակցութիւններու` լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ կիրարկուող ապահովական ծրագիրներու արդիւնքներուն քննարկման եւ զանոնք դիւրացնող միջոցառումներու բացայայտման համար:

Այս ծիրին մէջ, Շարպել երէկ տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ` Տերեք Փլամպլիի հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին կիրարկուող ապահովական միջոցառումներն ու շրջաններու բարգաւաճման կարիքները:

Նաեւ` Պաալպեքի Գծով

Ներքին գործոց նախարարի գործակատար Մարուան Շարպել միաժամանակ հետեւեցաւ նաեւ Պաալպեքի ապահովական իրավիճակի զարգացումներուն:

Նմանապէս, Պաալպեքի զանազան կողմերու ներկայացուցիչներ երէկ պետութենէն պահանջեցին սերտացնել եւ փութացնել ճիգերը` օրինական ուժերու տեղակայման եւ կայունութեան հաստատման գծով:

 

Share this Article
CATEGORIES