Դեղագործ Ուիսամ Խաթիպի Առեւանգումը Կը Շարունակէ Բողոքի Ելոյթներ Հրահրել

Շէյխ Ահմետ Քաթթան

Առեւանգեալ դեղագործ Ուիսամ Խաթիպի հարազատները երէկ կրկին բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին: Նախապէս, «Քաուլունա Ուալ Ամալ» միութեան նախագահ շէյխ Ահմետ Քաթթան կոչ ուղղեց իշխանութեան երեք պետերուն` բազմացնելու իրենց ճիգերը, ազատելու համար առեւանգեալ դեղագործ Ուիսամ Խաթիպը: Այցելելէ ետք առեւանգեալի ընտանեկան պարագաներուն` շէյխ Քաթթան դատապարտեց վերջերս Պեքաայի մէջ կրկնուող առեւանգումի այս դէպքերը:

Նշենք, որ առեւանգեալ դեղագործին հարազատներն ու բարեկամները կրկին փակեցին Զահլէի մայրուղին` պատկան կողմերէն պահանջելով շուտափոյթ լուծում գտնել եւ ազատել իրենց զաւակը:

Դեղագործներու սենտիքայի նախագահը, իր կարգին դատապարտելով դէպքը, կտրուկ կերպով մերժեց նախանցեալ օր առեւանգեալներու պահանջած 500 հազար տոլարի փրկագինի վճարումը:

«Նման քայլ մը պիտի քաջալերէ նմանօրինակ դէպքերու կրկնութիւնը», ըսած էր ան: Միւս կողմէ, բանակը խիստ փնտռտուքներու ձեռնարկեց` յայտնաբերելու համար Խաթիպի գտնուած վայրը:

Share this Article
CATEGORIES