Ողջունելով Ապահովութեան Ուժերու Տեղակայումը` Մարոնի Եպիսկոպոսները Կոչ Ուղղեցին Կառավարութեան Կազմութեան
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ամսական հերթական ժողովը գումարուեցաւ երէկ` նախագահութեամբ Ռայի պատրիարքին: Աւարտին, հաղորդագրութեամբ մը ներկաները ողջունեցին լիբանանեան օրինական ուժերու տեղակայումի քայլերը լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ` կոչ ուղղելով կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան:
Մարդկային զօրակցութիւն յայտնելով սուրիացի գաղթականներու հարցին` ժողովականները քաղաքական լուծում մը մաղթեցին Սուրիոյ տագնապին, շնորհակալութիւն յայտնելով միջազգային այն երկիրներուն եւ կողմերուն, որոնք այս գծով տրամադիր են օժանդակելու Լիբանանին:
CATEGORIES Լիբանանեան