Հերքելով, Թէ Ինք Նախագահական Թեկնածու Է. «Ով Որ Կ՛ուզէ Ընտրել Զիս` Թող Ընտրէ» Յայտարարեց Զօր. Միշել Աուն
«Ով որ կ՛ուզէ, որ նախագահ ըլլամ` թող ընտրէ զիս», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Աուն վերահաստատեց իր մտավախութիւնը սուրիացի գաղթականներու հարցին ու անոր լիբանանեան հետեւանքներուն գծով:
Այս մասին մենք յստակ ծրագիր մը ներկայացուցինք պատկան կողմերուն եւ վարիչներուն, սակայն ոչ ոք նկատի ունեցաւ զայն», աւելցուց Աուն` դիտել տալով, որ արաբական երկիրներ զինեցին սուրիացի ընդդիմադիրները, իսկ ժողովուրդը ձգեցին, որ գաղթէ Լիբանան:
CATEGORIES Լիբանանեան

