«Լիբանան Տակաւին Աւելի Լաւ Վիճակի Մէջ Է, Քան Մերձակայ Երկիրները» Ընդգծեց Նեպիհ Պըրրի

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ վերահաստատեց ազգային երկխօսութեան նիստերու վերակենդանացման իր նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ Լիբանան տակաւին աւելի լաւ պայմաններու մէջ է, քան մերձակայ երկիրները:

Միւս կողմէ, չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումներու ընթացքին, երեսփոխաններուն հետ իր զրոյցի պահուն Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան իրաւունք ունի պաշտպանելու իր սահմանները, որպէսզի կարենայ օգտագործել իր քարիւղի հարստութիւնները:

Ան վերյիշեցուց անցնող 31 օգոստոսին կատարած իր յայտարարութիւնը` նշելով, որ ոչ մէկ արգելք կայ կառավարութեան նիստ գումարելու, եթէ նոյնիսկ հրաժարեալ վիճակի մէջ է ան:

Պըրրի նաեւ սերտ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկեց` մօտէն հետեւելով ինտոնեզիական նաւու լիբանանցի արկածահարներու հարցի ծալքերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )