ՀՅԴ Ներկայացուցիչը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Նախագահութեան Նիստին

26 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, զոր կը վարէր կազմակերպութեան նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրին նախկին վարչապետ Ճորճ Փափանտրէուն: Ներկայ էր նաեւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալան:

Ժողովի գլխաւոր նիւթերն էին աշխարհի մէջ նոր ժողովրդավարութիւններու համար պայքարներուն մէջ զարգացումները (ինչպէս` Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ, կեդրոնանալով խաղաղութեան, ապահովութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն վրայ) եւ աղքատութեան վերացման եւ հաւասարութեան հաստատման համար ընկերվար-ժողովրդավար յանձնառութիւնը:

Ժողովին ՀՅԴևի ներկայացուցիչն էր Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան: Իբրեւ կազմակերպութեան փոխնախագահ եւ կամ հրաւիրեալ, ժողովին մասնակցեցան նաեւ Մալիի նորընտիր նախագահը, Պելճիքայի, Ալպանիոյ, Մաւրիկիոսի եւ Մալթայի վարչապետները, ՄԱԿևի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը: Ժողովին տարբեր պահերուն մասնակցեցան նաեւ Անկոլայի փոխնախագահը, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարը, Պոսնիոյ եւ Հերցեկովինայի արտաքին գործոց նախարարը եւ Անկոլայի արտաքին գործոց նախարարը:

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը նաեւ խօսք առաւ ժողովին ընթացքին Սուրիոյ հարցին քննարկման ժամանակ: Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան եւ միւս մասնակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց յատկապէս սուրիահայութեան խնդիրներուն վրայ: Ան շեշտեց միջազգային մարդասիրական օժանդակութիւնը Սուրիոյ մէջ գտնուող ժողովուրդին բոլոր հատուածներուն հասանելի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, կարեւոր նկատեց ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններուն եւ յատկապէս հայ համայնքին նաեւ համայնքային կարիքներուն` մասնաւորաբար կրթական համակարգին միջազգային օժանդակութիւն տրամադրելը. անդրադարձաւ դրացի որոշ երկիրներու, որոնց շարքին` Թուրքիոյ կողմէ սուրիահայերուն անցքին առջեւ պարբերաբար ստեղծուող արհեստական դժուարութիւններուն:

Ընկերվար միջազգայնականի նախագահը նոյնպէս անդրադարձաւ սուրիահայութեան մարդասիրական խնդիրներուն:

Մարիօ Նալպանտեան

ՀՅԴ ներկայացուցիչը խօսք առաւ նաեւ, երբ կը քննարկուէր Եւրոպական Միութեան արեւելեան դրացնութեան ծրագիրին մասնակից երկիրներուն Մաքսային միութեան հետ յարաբերութիւններուն հարցը: Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի կեցուածքին գծով Մարիօ Նալպանտեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ընբռնումով մօտենալ, մանաւանդ հաշուի առնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի մէջ մեծ ներդրումներ չէ կատարած եւ չէ նպաստած նոր աշխատատեղերու հաստատման: Միաժամանակ` Հայաստան պատրաստ է Եւրոպական Միութեան հետ շարունակելու խորացնել իր քաղաքական եւ հասարակական յարաբերութիւնները:

Օրակարգի մնացեալ հարցերուն քննարկումէն ետք, Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան ժողովը որոշում տուաւ, որ կազմակերպութեան Խորհուրդի յաջորդ ժողովը գումարուի Պոլսոյ մէջ, 11-12 նոյեմբեր 2013-ին, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ: Խորհուրդի ժողովը կարեւորութեամբ պիտի անդրադառնայ ժողովրդավարութեան համար պայքարներու տագնապներուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ ապահովութեան սպառնացող տագնապներուն: Խորհուրդի ժողովը նաեւ պիտի անդրադառնայ համաշխարհային տնտեսութեան զարգացման համար կեդրոն-ձախ տեսլականին` յատուկ շեշտ դնելով աճին, աշխատատեղիներուն եւ հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ զարգացման համար նոր օրակարգի մը վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )