«Հայաստան Պատրաստ Է Ամբողջովին Ստորագրելու Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին` պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, յայտնեց, որ Հայաստան պիտի մասնակցի Վիլնիուսի վեհաժողովին եւ կ՛ակնկալէ մինչեւ այդ օրը որոշակի փոփոխութիւններ մտցնել բանակցուած փաստաթուղթին մէջ, եւ պատրաստ է ամբողջովին ստորագրելու Ընկերակցութեան համաձայնագիրը:

«Հիմա ալ մենք պատրաստ ենք Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիր ստորագրելու, բայց դժբախտաբար, մեր յայտարարութենէն ետք` Մաքսային միութեան անդամակցելու մասին, Եւրոպական յանձնաժողովի մեր գործընկերները ըսին, որ ուղղակի հակասութիւն կայ Մաքսային միութեան եւ Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին միջեւ, կանոններու տարբերութիւն կայ: Մենք առաջարկեցինք, որ այս պարագային, խնդրեմ, ստորագրենք Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, որ հիմնական քաղաքական բարեփոխումներ կ՛ենթադրէ, եւ մենք պատրաստ ենք, ոչ միայն պատրաստ ենք, այլ վճռական ենք մեր երկրին մէջ այդ բարեփոխումները իրականացնելու: Հիմա այս հոլովոյթը կ՛ընթանայ: Մենք Վիլնիուսի մէջ պիտի գտնուինք եւ հիմա արդէն Եւրոպական Միութեան մեր գործընկերներուն հետ կը բանակցինք, թէ ինչպիսի՛ փաստաթուղթ պէտք է ստորագրենք», ըսաւ Սերժ Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի վրայ գործադրուած ճնշումներու մասին պնդումներուն: Մասնաւորաբար, զուիցերիացի երեսփոխան, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան փոխնախագահ Մարիեթա Տէ Փուղպէ-Լունտին հարցուց, թէ իսկապէ՞ս Ռուսիայէն անդիմադրելի առաջարկ ստացած է: «Հայաստան ունէր վերջնական համաձայնագիր Եւրոպական Միութեան հետ, բայց վերջին պահուն փոխեց որոշումը եւ միացաւ Մաքսային միութեան, Ռուսիա զօրաւոր ճնշումներ կը բանեցնէ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Մոլտաւիոյ վրայ: Որքան ես կը հասկնամ, Հայաստանի պարագային այս ճնշումը կը վերաբերէր Հայաստանի ապահովութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գծով Ռուսիոյ աջակցութեան», նկատել տուաւ զուիցերիացի երեսփոխանը:

«Ճնշումներու մասին խօսիլը աւելորդ է, ես ձեզի անկեղծօրէն կ՛ըսեմ, եւ չեմ կրնար հրապարակաւ ոչ ճշմարտութիւնը ըսել` որեւէ պաշտօնեայ Ռուսիայէն կամ Մաքսային միութենէն կէս բառ անգամ չէ ըսած Հայաստանի անդամակցութեան անհրաժեշտութեան մասին: Մենք այդ ցանկութիւնը յայտնած ենք, որովհետեւ մեկնած ենք շատ պարզ իրողութենէ. մենք 20 տարիէ ի վեր կը գտնուինք զինուորական ապահովութեան համակարգի մը մէջ, որուն բաղկացուցիչ մասերը կը կազմեն այն պետութիւնները, որոնք այսօր ձեւաւորած են Մաքսային միութիւնը, եւ մենք չենք կրնար մեկուսանալ աշխարհատնտեսական այն տարածքէն, որուն հետ 20 տարիէ աւելի կը համագործակցինք: Ժամանակը չի ներեր, ես կրնայի աւելի մանրամասն ըսել, թէ ինչպիսի՛ տնտեսական շահ պիտի ունենայ Հայաստանը անկէ», յայտնեց Հայաստանի նախագահը:

Հայաստանի նախագահը Եւրոպական խորհուրդին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Ղարաբաղի հարցին` ըսելով, որ դրացի երկրին ղեկավարը հայերը կը նկատէ թիւ մէկ թշնամի, կը հպարտանայ զինուորական ծախսերուն անհամաչափ աճով եւ սպառազինութիւններու կուտակումով:

Պատասխանելով Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Սամետ Սեյիտովի այն դիտարկման, թէ Հայասատն գրաւած է Ազրպէյճանի 20 տոկոսը, Սերժ Սարգսեան բաւական կարծր պատասխանեց` ըսելով, որ Ազրպէյճանի յարձակումի պարագային այդ երկիրը աւելի մեծ տարածքներ կրնայ կորսնցնել:

Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ պէտք չէր զինուորական գործողութիւններ սկսիլ, յետոյ բողոքել բռնագրաւումէն: Հիմա ալ Ազրպէյճանը մեզի կը սպառնայ զինուորական գործողութիւններով, վստահ եմ` եթէ այդպիսի գործողութիւններ ըլլան, քանի մը ամիս ետք ազրպէյճանցիներ պիտի բողոքեն ոչ թէ 20 տոկոսի, այլ 25, 30 տոկոսին մասին: Պէտք չէ զինուորական գործողութիւններ սկսիլ», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES