Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ խմբական պտոյտի մը պիտի մասնակցիք, ընտրեցէք ձեր ուղեկիցները, որպէսզի հաճելի եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ մնաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր դրամապանակին ուշադրութիւն ըրէք, չըլլայ, որ դրամաշորթի մը հանդիպիք: Մասնաւորաբար խճողուած վայրերու մէջ զգուշ եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աճապարանքով ոչ մէկ համաձայնագիր կնքեցէք: Ձեզի ուղղուած հարցումներուն պատասխանեցէք լրջօրէն մտածելէ ետք: Օրը կը պահանջէ ըլլալ խոհեմ, նոյն ատեն` անկեղծ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք, վերջին վայրկեանին մի՛ ձգէք պաշտօնական ձեւակերպութիւններ կատարելը: Ճշդապահ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խնճոյքի մը պիտի հրաւիրուիք, ուր պիտի հանդիպիք նոր դէմքերու, որոնց հետ ձեր ծանօթութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր մեծաւորները կամ տնօրէնը շատ գոհ պիտի մնան ձեր աշխատանքէն: Այս պարագային կրնաք ունենալ պաշտօնի բարձրացում: Արժանի հատուցում:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ոեւէ մէկը պարտական է ձեզի գումար մը, մի՛ ամչնաք ուզելու, որովհետեւ եթէ աւելի երկար ժամանակ սպասէք, մոռացութեան կը տրուի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երկար ատենէ ի վեր ձեզմէ հեռու ապրած անձի մը պիտի հանդիպիք, որուն հետ պիտի ունենաք հաճելի եւ կարօտալի զրոյց մը: Օրը նպաստաւոր է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Խօսելէ աւելի մտիկ ըրէք: Ձեր խօսակիցը կրնայ նոր միտքեր փոխանցել ձեզի, բան մը, որուն մասին երբեք չէիք մտածած: Օգտուելու առիթն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հեռու մնացէք բամբասող անձերէ, որովհետեւ ակամայ դուք եւս կրնաք մասնակցիլ բամբասանքի: Ձեր բառերը կրնան ձեւափուխուիլ չարամտութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուսումը միայն դպրոցը չի տար: Կեանքն ալ նկատեցէք դպրոց մը, ուր շատ բաներ կան սորվելիք: Ձեր միտքը արտայայտելէ առաջ երկար մտածեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր խոստումը յարգեցէք, մանաւանդ եթէ մանուկներու խոստում տուած էք: Նուէր մը պիտի ստանաք տարեդարձի մը կամ այլ ուրախ առիթով:

