50 Տարի Առաջ (4 Հոկտեմբեր 1963)

Խմբագրական

Անշեղ Ուղեգիծ 

Բ.

1945-1946 տարիներու խանդավառութեան վրայէն հազիւ տարի մը անցած էր, երբ Հայ դատին հանդէպ ուրացումներու եւ դասալքութեանց ազդանշանը տրուեցաւ Մոսկուայէն:

Մինչեւ այդ, խորհրդային խորհրդաւոր աղբիւրներ անխղճօրէն կը խաղային հայ ժողովուրդի զգացումներուն հետ: «Մօտ է գարունը», կ՛ըսէին Մոսկուա ու Երեւան` ծածկաբար, ու արտասահմանի հայրենակարօտ բազմութիւնները ներգաղթի մէջ կը տեսնէին առաջին փուլը հայկական Դատին արդար լուծման: Վան, Պիթլիս, Էրզրում եւ Տրապիզոնի որոշ մասերը պիտի կցուէին Հայաստանին, մօտ 145,000 քառ. քմ հողամաս պիտի վերադարձուէր իրաւական տիրոջ` հայ ժողովուրդին:

Երբ խանդավառութեան ալիքը հասած էր իր գագաթնակէտին, ու հակառակ բոլոր տեսակի նենգութիւններուն եւ չարամիտ մատնութիւններուն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հայ ժողովուրդի միասնականութեան հիմնական նպատակով, լուռ կը մնար իր հասցէին եղած ցեխարձակումներուն հանդէպ` զանոնք երկրորդական նկատելով գլխաւոր հարցի լուծման առջեւ, Մոսկուա յանկարծ պաղ ջուր թափեց այդ բոլոր յոյսերուն եւ խանդավառութիւններուն վրայ, երբ 24 հոկտեմբեր 1947-ին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին մէջ, խորհրդային պատուիրակ Վիշինսքի, խօսքն ուղղելով Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Սելիմ Սարփերի` յայտարարեց, թէ` «Կարսն ու Արտահանը Վրաստանի կը պատկանին եւ եկած է ժամանակը, որ այդ երկու նահանգները վերադարձուին իրենց բուն տէրերուն»:

Կարելի՜ է երեւակայել, թէ որքա՛ն խոր եղաւ հիասթափութիւնը բոլոր անոնց, որոնք Մոսկուայէն կը սպասէին Հայ դատի լուծումը: Բայց, ահաւոր մեղսակցութեամբ մը, արտասահմանի ուղեկից մամուլը լուռ անցաւ այդ յայտարարութեան վրայէն, կլլեց հրամցուած դառնահամ դեղահատը եւ շարունակեց լորձնաշուրթն փառաբանել Հայաստանի ու հայութեան ջե՜րմ ու անդաւաճա՜ն պաշտպան հիւսիսի քեռին:

Ասիկա առաջին արարն էր խորհրդային նոր քաղաքականութեան, որ կը վերադառնար քեմալական Թուրքիոյ հանդէպ որդեգրուած երբեմնի ուղեգծին. սիրաշահիլ Թուրքիան, օգնել անոր, որպէսզի Խորհրդային Միութեան սահմաններուն վրայ ստեղծուի խորհրդայիններուն բարեկամ պետութիւն մը:

Երկրորդ փուլը չուշացաւ: 1953 մայիս 30-ին խորհրդային կառավարութիւնը պաշտօնական ծանուցագրով մը յայտարարեց, թէ Մոսկուա հողային պահանջներ չունի Թուրքիայէն, եւ թէ իր միակ փափաքն է բարեկամական սերտ կապեր հաստատել Քեմալի ժառանգորդներուն հետ:

Այս ուրացումին եւ դասալքութեան առջեւ եւս հակառակորդները արիութիւնը չունեցան բողոք բարձրացնելու: Ոչ միայն այդպէս չըրին, այլ նաեւ իրենց մամուլով փորձեցին արդարացնել Մոսկուայի դիրքը` միջպետական հաշիւներու մէջ փնտռելով ընդունելի դրդապատճառ մը:

Ի՞նչ եղաւ ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքը:

Անշեղ ու անսասան պաշտպանը հայ ժողովուրդին, ուխտեալ նուիրեալը անոր Դատին, իրաւունքներուն եւ արժանապատուութեան, մեր կուսակցութիւնը մերկացուց Քրեմլինի խաղերը, դատապարտեց արտասահմանի ուղեկիցներուն կամակատար հպատակութիւնը, ու նոյն ատեն, յուսահատական այդ օրերուն, յանուն հայ ժողովուրդին, ինքզինք պահանջատէր հռչակեց հայկական պատմականօրէն նուիրագործուած հողերուն:

Հայ ժողովուրդը, որ բնազդով կը զգայ, թէ ո՛վ է հաւատաւորը եւ ո՛վ է հաւատուրացը, Դաշնակցութեան այդ դիրքին մէջ գտաւ իր միակ ապաւէնը` իր սրբազան Դատի յաղթանակին համար:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ վայելած իր հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը կը պարտի միայն ա՛յս իրողութեան: Այն ճշմարտութեան, թէ մեր կուսակցութիւնը չի լքեր այն ժողովուրդը, որուն ծոցէն ծնած է, որուն անսակարկ ծառայելու ուխտը ըրած է իւրաքանչիւր դաշնակցական, երբ մուտք գործած է նուիրեալներու այս կազմակերպութենէն ներս:

Ապաւինած իր այս հեղինակութեան ու ազդեցութեան, Դաշնակցութիւնը ինքն իր մէջ կը զգայ անհրաժեշտ ուժն ու պատրաստակամութիւնը` շարունակելու այն սրբազան պայքարը, որ բացուած է ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան ու Հայ դատի արդար լուծման:

Այդ ուժն ու պատրաստակամութիւնը իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար հաւատքի եւ վճռակամութեան աղբիւր մըն են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES