Արուեստի Աշխարհէն. Գողցուած Փիքասօ Մը Եւ Մոնէ Մը` Այրած
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 100 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ ԵՒ 200 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ ԱՐԺՈՂ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐ ՀՐԿԻԶՈՒԱԾ ԵՆ ՓՈՒՌԻ ՄԸ ՄԷՋ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ ՌՈՒՄԱՆԱՑԻ ՀԵՏԱՔՆՆԻՉՆԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՈՃԻՐԸ:
Ռումանացի հետաքննիչներ ներկի, պաստառի եւ գամերու հետքերը ի յայտ բերած են փուռէ մը, որ կը պատկանի կնոջ մը, որուն զաւակը ամբաստանուած է անցեալ հոկտեմբերին Հոլանտայի մէկ թանգարանէն գլուխ գործոցներ գողնալու յանցանքով:
Ռոթերտամի Քունսթհալ թանգարանէն գողցուած գործերուն շարքին էին գործեր` Փիքասոյէն, Մոնէէն եւ Մաթիսէն:
Օլկա Տոկարու ընդունած է, թէ իր զաւկին ձերբակալութենէն ետք հրկիզած է գործերը` «ջնջելու համար գողութեան հետքերը»:
Ոչնչացած գործերը կը գնահատուին 130 միլիոն տոլարէն 260 միլիոն տոլարի միջեւ:
Անհետացած գործերուն շարքին են Մոնէի «Ուոթըրլուի կամուրջ» (գծուած` 1901-ին), Փիքասոյի «Ծաղրածուի գլուխ» (գծուած` 1971-ին), Մաթիսի «Կարդացող աղջիկ` ճերմակով եւ դեղինով» (գծուած` 1919-ին), Լուսիըն Ֆրոյտի «Փակ աչքերով կին» (գծուած` 2002-ին) եւ Փոլ Կոկենի «Աղջիկ` բաց պատուհանին առջեւ» (գծուած` 1898-ին) գեղանկարները:
Հետաքննիչներ Տոկարուի փուռին մէջ գտած են հետքերը ներկի, պաստառի եւ վառօդի, ինչպէս նաեւ` պղինձէ եւ պողպատէ գամերու, որոնք շինուած են 10-րդ դարէն առաջ, ինչպէս կ՛ըսէ Ռումանիոյ Ազգային պատմութեան թանգարանին տնօրէնը:
Այսուհանդերձ, ան մերժած է հաստատել, թէ արդեօք այս հետքերը կը պատկանին գողցուած 7 գործերո՞ւն:
Այն յայտնած է, որ եթէ փաստուի այս իրողութիւնը, ապա արարքը «պիտի նկատուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր»:
Տոկարու յայտնած է, թէ արուեստի գործերը պահած է լքուած բնակարանի մը մէջ, ինչպէս նաեւ` Չարաքլիու գիւղին գերեզմանատան, սակայն զանոնք դուրս բերած է եւ` հրկիզած, երբ ոստիկանութիւնը սկսած է խուզարկել գիւղը:
Ռումանական «Միտիաֆաքս» լրատու գործակալութեան համաձայն, Տոկարու ըսած է. «Գեղանկարները պարունակող պայուսակը դրի փուռին մէջ: Փայտի կտորներ, կերպընկալէ կօշիկներ եւ մուճակներ դրի, ապա սպասեցի, մինչեւ որ բոլորը այրեցան»:
Գողութեան ամբաստանութեամբ ձերբակալուած են 6 ռումանացիներ: Մասնագէտներ մարտէն ի վեր կ՛ուսումնասիրեն մոխիրները:
Գողութիւնը Հոլանտայի մէջ մեծագոյնն էր 1991-էն ի վեր, երբ 20 գեղանկարներ անհետացան Ամսթերտամի Վան Կոկի թանգարանէն: