Արուեստի Աշխարհէն. Սխա՞լ Վերագրում

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՐԴԵՕՔ ՀԵՄԻՆԿՈՒԷՅ ԻՐԱՊԷՍ Ի՞ՆՔՆ Է ՀԵՂԻՆԱԿԸ ԻՐԵՆ ՎԵՐԱԳՐՈՒԱԾ 6 ԲԱՌԵՐԷ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ: «ՍԼԷՅԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ՏԷՅՎԻՏ ՀԵԿԼԸՆՏ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ՀԵՏՔԵՐԸ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԸ ԿՈՐՍՈՒԻ ԼԱԲԻՒՐԻՆԹՈՍԻ ՄԸ ՄԷՋ…

«Քոթ Ինվեսթիկէյթըր» հրաշալի կայքէջ մըն է, որ կը քննէ ծագումը ժողովրդականութիւն վայելող մէջբերումներու, որոնք, ինչպէս նկատած ենք, յաճախ կը վերագրուին սխալ անձերու: Այս կայքէջին սեփականատէրը` Կարսըն Օ՛Թուլ վերջերս փնտռած է ծագումը 6 բառերէ բաղկացած երեւակայական պատմութեան մը, որ ենթադրաբար գրուած է Էռնեսթ Հեմինկուէյի կողմէ. «Ծախու են նորածինի կօշիկներ, երբեք չհագցուած»:

Ծանուցումէ մը ներշնչուած այս կարճ պատմուածքին Հեմինկուէյի վերագրումը յաճախ կը նկարագրուի իբրեւ «գրական առասպել մը», որ արդար ըլլալու համար կատարելապէս ճշգրիտ նկարագրութիւն մըն է: Առասպելներու «Սնոփս» կայքէջը քանի մը տարի առաջ փնտռած էր անոր ծագումը եւ եզրակացուցած էր, թէ անիկա «անորոշ» էր: Սակայն, կարդալէ ետք Օ՛Թուլի աւելի մանրակրկիտ հետազօտութիւնը, շատ դժուար է հաւատալ, թէ Հեմինկուէյ որեւէ կապ ունեցած է այս պատմութեան հետ:

«Էռնեսթ Հեմինկուէյ մահացաւ 1961-ին: «Քոթ Ինվեսթիկէյթըր»-ի կայքէջին համաձայն, այս պատմութեան եւ Հեմինկուէյի միջեւ առաջին կապը յայտնուած է 1991-ին, երբ Փիթըր Միլըր անոր մէկ տարբերակը ներառած է իր «Կեթ փապլիշտ, կեթ փրոտիուստ» գիրքին մէջ: Միլըր նշած է, թէ այս պատմութիւնը լսած է 1974-ին, երբ «ինքզինք լաւապէս հաստատած օրաթերթի մը սեփականատէրը» պատմած է զայն:

Այնուհետեւ Հեմինկուէյի վերագրումին վարկածը որեւէ ձեւով չ՛արդարանար: Ինչպէս Օ՛Թուլ արձանագրած է, յայտնաբար պատմութիւնը առաջին անգամ յիշատակուած է 1921-ին, օրաթերթի մը սիւնակին մէջ: Հեղինակը` Ռոյ Ք. Մոլթըն «կը կատարէ կարճ նշում մը` զայն վերագրելով Ճերի անունով անձի մը», ինչպէս կը գրէ Օ՛Թուլ:

««Պրուքլինի «Հոմ Թոք» թերթին մէջ ծանուցում մը կ՛ըսէր. «Ծախու է նորածինի կառք մը` երբեք չգործածուած»: Արդեօք ժապաւէնի մը հրաշալի դիպաշարը չէ՞ այս», կը գրէր Մոլթըն:

Այս նշումը արտատպուած է բազմաթիւ օրաթերթերու մէջ: Քանի մը ամիս ետք «ԼԱՅՖ» թերթը հրատարակած էր հետեւեալ պայթուցիկ տողերը` մէջբերելով «Լուիվիլ Քերիըր Ճեռնըլ» թերթը.

«Իբրեւ ամերիկացի մեծ թատերագիր պիտի յիշուի այն տղամարդը կամ կինը, որ պիտի կարենայ գրել մէկ արարէ բաղկացած թատերախաղ մը, նոյնքան դիպուկ, որքան` եօթը բառէ բաղկացած ծանուցումը, զոր յայտնաբերած է «Հիուսթըն Փոսթ» թերթը. Ծախու է նորածինի կառք մը` երբեք չգործածուած»:

Այնուհետեւ Օ՛Թուլ պատմութեան հետքերը կը փնտռէ 1920-ական տարիներուն, երբ անիկա մէջբերուած է բազմաթիւ առիթներով, միշտ ալ` «կառքով» եւ ոչ` «կօշիկներով», ապա ան ոստում մը կը կատարէ դէպի 1990-ական տարիներ, երբ պատմութիւնը Միլըրի գիրքին մէջ նշուելէ ետք կը սկսի յայտնուիլ տարբեր տեղեր, այժմ արդէն կօշիկի պատկերին ծանօթ տարբերակով եւ ոչ` թերեւս նուազ տպաւորիչ կառքին, եւ վերագրուած է Հեմինկուէյի: Մոլթըն նաեւ կը նշէ 1917-ին լոյս տեսած յօդուած մը «Տի Էտիթըր» վերնագիրով թերթէ մը, որ զայն կ՛առաջարկէ իբրեւ վերնագիրը պատմութեան մը, մօր մը մասին, որ կորսնցուցած է իր նորածին զաւակը: Վերնագիրը` «Փոքրիկ կօշիկներ` երբեք չհագցուած»:

Արդեօք 1917-ին Ուիլիըմ Քէյն անունով անձի մը կողմէ գրուած մէկ յօդուա՞ծը եւս կապուած է Հեմինկուէյի առասպելին: Թերեւս: Ամէն պարագայի, կը թուի, թէ աւելի հաւանական է, որ Քէյն ի՛նք է«հեղինակ»-ը այս պատմութեան, եւ ոչ` Հեմինկուէյ: Նոյնիսկ աւելի հաւանական է, որ Մոլթընն է հեղինակը կամ` Պրուքլինի Ճերին, ոեւէ մէկը, որ նորածինի այս կառքը կը վաճառէր 1921-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES