Թենիս. Դաւիթ Նալպանտեան Որոշեց Լքել Իր Արհեստավարժ ԱսպարէզըԹենիս. Դաւիթ Նալպանտեան Որոշեց Լքել Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Երէկ, մարզական լրատու բազմաթիւ աղբիւրներ իրենց հրապարակած լուրերուն մէջ անդրադարձան արժանթինահայ թենիսմեն Դաւիթ Նալպանտեանի, որ որոշեց վերջնականապէս լքել թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

31 տարեկան Նալպանտեան իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` աւելցնելով, որ դժուար որոշում մըն էր, որ կու տար, սակայն այլընտրանք չկար իրեն համար:

«Իսկապէս, այս օրը շատ տխուր օր մը եղաւ ինծի համար, որովհետեւ շատ դժուար որոշում մըն էր, որ տուի: Աջ ուսէս վիրաւորուելուն պատճառով բաւական երկար ժամանակ հեռու մնացի թենիսի դաշտերէն: Իւրաքանչիւր անգամ, որ կը կարծէի, թէ անիկա ապաքինումի նշաններ ցոյց կու տայ, դարձեալ բարդոյթներ կը ստեղծէր, նոյեմբերին Արժանթինի մէջ զիս վերջին անգամ պիտի տեսնէք թենիսի դաշտերուն վրայ, երբ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ կատարեմ իմ հրաժեշտի մրցումս», ըսաւ Նալպանտեան:

Իր 13 տարուան արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, Նալպանտեան տիրացած է տարբեր տեսակի 11 մրցաշարքերու տիտղոսներու, ինչպէս նաեւ ան ունի 13 զոյգի տիտղոսներ:

2002-ին արժանթինահայ մարզիկը հասաւ Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին աւարտականին, ուր սակայն պարտուեցաւ աւստրալիացի Լէյթըն Հուիթէն:

Ներկայիս աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 231-րդ դիրքին վրայ գտնուող Նալպանտեան մարտ 2006-ին կատարած է իր ամէնէն բարձր նուաճումը եւ հանդիսացած աշխարհի երրորդ լաւագոյն մարզիկը` «Էյ. Թի. Փի.»-ի վարկանիշով:

 

Share this Article
CATEGORIES