Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, իր գումարած հերթական ժողովին, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները (Ա. դասակարգ, 2-րդ հանգրուան), հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (տեսնել` ստորեւ):
Անսարի պատասխանատուներէն Ուատտահ Սատեք մէկ տարիով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան Սալամ Զղարթայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին փորձած էր յարձակիլ օրուան իրաւարարին վրայ:
Մապարրա մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Ախա Ահլի Ալէյի դէմ կատարուած մրցումին ան դաշտ ներկայացուց կախակայուած մարզիկ մը (Հիւսէյն Ապտալլա):
Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
ՈՒՐԲԱԹ, 4 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ——–ԺԱՄ—–ԴԱՇՏ
Նեպի Շիթ – Ռիատա Ուալ Ատապ 2:30 Ահտ
Սալամ Սուր – Շապապ Ղազիէ 2:30 Քֆարժոզ
ՇԱԲԱԹ, 5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Սաժես – Հարաքեթ Շապապ 2:30 Զղարթա
Ահլի Սայտա – Շեպիպեթ Մազրաա 2:30 Ահտ
ԿԻՐԱԿԻ, 6 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ամալ Պիքֆայա – Ահլի Նապաթիէ 2:30 Ահտ
Խըյուլ – Նահտա Պար Էլիաս 2:30 Սաֆա
Շապապ Թրիփոլի – Թատամոն Պէյրութ 2:30 Նըժմէ
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՈՒՐԲԱԹ, 4 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ—–ԺԱՄ—-ԴԱՇՏ
Ահտ – Ախա Ահլի Ալէյ 3:30 Մարզական Աւան
Թրիփոլի – Նըժմէ 3:30 Թրիփոլի
ՇԱԲԱԹ, 5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Անսար – Շապապ Սահել 3:30 Պէյրութ
Մապարրա – Իժթիմահի 3:30 Սաֆա
ԿԻՐԱԿԻ, 6 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Սալամ Զղարթա – Թատամոն Սուր 3:30 Զղարթա
Սաֆա – Ռասինկ 3:30 Սայտա