32 Տարիներ Ետք…

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Երէկ էր կարծես. թողնելով ծննդավայրս, ընտանիք, բարեկամներ ու ընկերներ` հաստատուեցայ Լոս Անճելըս: Յանկարծ կ՛անդրադառնամ, որ կեանքիս կէսը հոս անցուցած եմ:

Դաժան օրեր էին: Պատերազմ, մահ, կողոպուտ: Գրեթէ ամէն օր ընկերոջ մը, ընտանիքի մը Լիբանանը ձգելու լուրը կ՛առնէինք: Այդ տպաւորութիւնը կ՛ունենայի,  թէ շուտով հայ պիտի չմնայ Լիբանանի մէջ: Անշուշտ չարաչար սխալած էի, հակառակ այս իրողութեան` որոշելս եւ ճամբայ ելլելս քանի մը շաբաթներու հարց եղաւ: Դժուար որոշում էր, սակայն գործադրեցի ու ճամբայ ելայ` ետիս ձգելով մայր, քոյրեր, մահացած եղբօրս այրին` իր երկու անչափահաս զաւակներով: Տան հասուն տղամարդը ես էի: Առաջին քայլը ես պէտք էր առնէի, ընտանիքս այդ «դժոխքէն» փրկելու համար:

Տակաւին տեղ չեմ հասած, օդակայանն եմ: Ես ինծի գրեթէ բարձր ձայնով հարց կու տամ` ըրածս ճի՞շդ էր, թէ՞ սխալ: Պահ մը կը մտածեմ ետ դառնալու մասին: Կացութիւնը գէշ է: Զիս ճամբելու համար ընտանիքէս ոեւէ մէկուն օդակայան գալը անխոհեմութիւն է: Օդակայան աշխատող բարեկամ մը զիս օդակայան կը հասցնէ: Մօրս արցունքները  աչքերուս առջեւէն չեն հեռանար: Կանգ կ՛առնեմ: Պիտի վերադառնամ տուն: Քովէս` «Քալէ՛, ուշացանք, օդանաւը պիտի փախցնես», կ՛ըսէ բարեկամս: «Երանի փախցնեմ», կը մտածեմ: Իսկապէ՞ս չեմ ուզեր մեկնիլ: Հապա ինչո՞ւ դեսպանատուն գացի ու վիզայի դիմեցի: Ուրիշ ճար չունէի: Ամենաճիշդ լուծումն էր: Պէտք է մեկնիմ, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ, օր մը բոլոր ընտանիքս միացնեմ ինծի այդ հսկայ ձուլարանին մէջ, որ Ամերիկա կը կոչուի:

Օդանաւը կամաց-կամաց, ապա աւելի արագ կը յառաջանայ, ու յանկարծ քիթը վեր տնկած` կը բարձրանայ դէպի երկինք: Պատուհանին քով նստած եմ: Վերջին անգամ կ՛ուզեմ դիտել ծննդավայրս: Արդէն ուշ է: Ամպերուն մէջ եմ, բան չեմ տեսներ: Ետդարձ չկայ: Ինքզինքս կը համոզեմ: «Այո՛, պէտք էր որ մեկնէի, հոն կենալովս ի՞նչ օգտակարութիւն պիտի ունենայի: Ինը ամիս է` տունը նստած եմ, անգործ: Տունը նստելու վարժուած չեմ, սակայն գործատեղիս արեւելեան եւ արեւմտեան Պէյրութը բաժնող «բաժանման գիծ»-ին վրայ է եւ` փակ:

«Խմիչք մը կ՛առնէի՞ք», կը հարցնէ հիւրընկալ օրիորդը: Խմիչքի շատ բարեկամ չեմ, սակայն այդ վայրկեանին անգիտակցօրէն «Scotch on the rocks» կը պատասխանեմ: Քանի մը ումպով գաւաթին յատակը կ՛երեւի, միայն տակաւին չհալած քանի մը սառ մնացած է: Երկրորդ գաւաթը կ՛ապսպրեմ, որ նոյնպէս շատ շուտով առաջինին ճակատագրին կ՛արժանանայ: Աչքերս ինքնաբերաբար կը գոցուին եւ արդէն խոր քունի մէջ եմ: Ես իմ խռկոցս կը լսեմ: Կ՛երազեմ: Աչքիս առջեւ շարժապատկերի պէս կու գայ մանկութիւնս: Կը յիշեմ, երբ Էշրեֆիէ  կը բնակէինք, եւ թաղի բոլոր մանուկները միասնաբար Ղազար Չարըխին դպրոցը կ՛երթայինք քալելով, եւ մեզի կ՛ընկերանար թաղին շունը` ֆրանսական «Շաս Պօ» անունով, իսկ մենք չէինք գիտեր անունին իմաստը եւ «Շաշպօ» կը կանչէինք: Աւելի ուշ` Ճեմարան եմ: Աչքիս առջեւն է Ճեմարանի բակը, «փոստան», դասընկերներս, ապա` երիտասարդութեան «խենթ» տարիներս: Ամէն գիշեր բարեկամներով դուրսն ենք: Ամէն անգամ, որ գիշերուան ժամը 12:00-ը  հնչէ, «Այսօր ալ լուսցուցինք»` կ՛ըսենք խնդալով:

Ինքզինքս «Ազատամարտ» ակումբի բեմին վրայ կը տեսնեմ, կիթառս ձեռքս, Five Fingers-ի տղոց հետ: Սրահը բերնէ բերան լեցուն է: Շարժելիք տեղ չկայ, սակայն ոչ ոք կը գանգատի: Ամէն մարդ ուրախ է: Ամառ է: Տհուր Շուէյրէն դէպի Պոլոնիա տանող ճամբուն աջին` «La Fourmi» զբօսավայրը: Դարձեալ բեմի վրայ եմ: Խուռներամ բազմութիւն: «Փորձառական թատրոն»-ի փորձերը, ապա՝ ներկայացումները: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահ: Դարձեալ բեմի վրայ եմ, աւելի ճիշդը` բեմի ետին, քուլիսային աշխատանք: Կը ներկայացնենք «Պուրճ Համուտ 78» երգախառն կատակերգութիւնը: Նուագի բաժինը ինծի յանձնուած է: Հոն են բեմադրիչը` Զոհրապ Եագուպեան, հեղինակը` Սարգիս Սարգիսեան, եւ գլխաւոր դերակատարներէն Փիեռ Շեմմեսեան: Երբ այս վերջին երկուքը միասին են, կարելի՞ բան է չխնդալ: Ինքնաբերաբար կը ժպտիմ: Երջանիկ օրեր: Ապա` տխուր օր մը, Լիբանանի դրախտային օրերը վերջ կը գտնեն: Երաժշտութեան փոխարէն` կը լսենք ռումբերու եւ զէնքերու գոռոցը: «Ազիրեան» ակումբն եմ: Ազգային պարտականութիւն: Պէտք է հայկական թաղերը պաշտպանենք: Բնաւ չեմ սիրած զէնք ըսուած բանը, սակայն ստիպուած` «Կիթառիս փոխան զէնք եմ գրկեր»: «Բան մը չէ, շուտով կ՛անցնի», կը լսենք ամէն կողմէ, սակայն «շուտով չ՛անցնիր»: Կ՛երկարի: Տարիները իրարու կը յաջորդեն: Որոշ շրջան մը հանդարտութիւն, ապա` դարձեալ ռումբ, առեւանգում, մահ, աւեր: Ալ որքա՞ն կրնանք դիմանալ: «Այս երկիրը վերջ չունի», կը լսենք ամէնուրեք: «Գացողը կ՛ազատի»:

Արդէն հասած եմ «Աւետեաց Երկիրը»: Պայուսակներս կը ստուգեն: «Կրնաս անցնիլ» քիթին տակէն կը մրթմրթայ սեւամորթ պաշտօնեան` անցագիրիս էջերէն մէկուն մէջ կնքելով:

Սպասման սրահին մէջ մօրաքրոջս ընտանիքը եկած են զիս դիմաւորելու: Ի՜նչ անակնկալ: Եկած են նաեւ քանի մը բարեկամներ: Ինչպէ՞ս լուր ունեցան: Ես մարդու բան չեմ ըսած: Կը հասնինք տուն: Ճոխ սեղան մը շտկած են: Ախորժակ չունիմ: Պարտականութեան համար կը փորձեմ քանի մը պատառ ուտել: Պատառը կը մեծնայ բերնիս մէջ: Չեմ կրնար կլլել: Գիշերը ցերեկին խառնուած է: Հոս կէսօրէ ետք է, հոն` յաջորդ օրուան առտուան մօտ: Քաղաքավարութեան համար կը փորձեմ աչքերս բաց պահել: Ինծի յարգելու համար սեղան շտկած են, սակայն ես չեմ մասնակցիր: Ամէն կողմէ հարցումներու տարափ: Բան չեմ լսեր: Պատասխան չունիմ: Ո՞ւր է այդ զուարթ տղան: Լռակեաց դարձած եմ:

32 տարիներ անցեր են արդէն: Ընտանիքս միացած է ինծի: Ես ալ իմ կարգիս ընտանիք կազմած եմ: Հայր եմ արդէն: Լիբանանի նման, ընկերային շրջանակս ընդլայնած եմ: Քանի մը ամիսը անգամ մը Ճեմարանի դասընկերներով կը հաւաքուինք: Լիբանան գտնուող բարեկամներ յաճախ նոյն հարցումը կ՛ընեն,  «Գո՞հ ես»:

Պատասխանս նոյնն է բոլորին: «Այո եւ ոչ»: Իբրեւ ամերիկեան քաղաքացի գոհ եմ: Պատերազմ չկայ հոս: Զէնքի ձայն չեմ լսեր: Իբրեւ հայ` դժգոհ: Երբ նախագահական թեկնածուն կը խոստանայ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա ընտրուելէն ետք կը մոռնայ իր խոստումը, երբ հայկական վարժարաններու աշակերտներ հայկական դպրոցի մէջ հայերէն չեն խօսիր, ինչպէ՞ս հանդուրժել: Կը յիշեմ, երբ փոքր էինք, մեզի կը ստիպէին, որ զբօսանքին ֆրանսերէն խօսինք, որպէսզի տիրապետենք ֆրանսերէնին, սակայն մենք յամառօրէն կը նախընտրէինք հայերէն խօսիլ: Հիմա ճիշդ հակառակը` կը խնդրեն, կը ստիպեն, որ հայերէն խօսին, սակայն մտիկ ընող չկայ: Երբեմն ծնողներ իրենց անգլերէնը զօրացնելու համար իրենց զաւակներուն հետ սխալ անգլերէն կը խօսին: Զաւակները ծնողներուն սխալներուն վրայ կը խնդան, սակայն կացութենէն բան չի փոխուիր: Անգլիախօսութեան ախտը վարակած է գրեթէ բոլորը:

Յարգանք ձեզ, լիբանանահայեր: Մեզ նման ձգելով այդ հիւրընկալ երկիրը` չգաղթեցիք: Մեր մշակոյթին պահապանները եղաք եւ Պարոյր Սեւակի խօսքերով ամէն օր կը կրկնէք.

«Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»:

 

Լոս Անճելըս, 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )