Քաննի Շարժապատկերի Փառատօնի Դափնեկիր, Ֆրանսահայ Բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանին Նոր Ժապաւէնը
«Վերջին ռաունտը Պոլսոյ մէջ» Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն անդրադարձող շնչաւորուած նկարներով ժապաւէն:
Սերժ Աւետիքեան ներկայիս կ՛աշխատի մեծ նախագիծի մը վրայ, որ «Վերջին ռաունտը Պոլսոյ մէջ» շնչաւորուած նկարներով (անիմասիոն) լիամեթրաժ ժապաւէնն է:
Աւետիքեան պիտի անդրադառնայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն: «Ժապաւէնին բեմագրութիւնը լիովին ամբողջական է, այժմ մենք մշակում ենք ժապաւէնի` չորս վայրկեան տեւողութեամբ նախագիծը` երկու դրուագ», Փարիզէն ըսած է Աւետիքեան:
Բեմագրութեան վերջին տարբերակը մշակելով` Աւետիքեան հասկցած է, թէ որքան մեծ է ժապաւէնին ներքին հզօրութիւնը: «Արդէն սկսում եմ հասուն ձեւով զգալ ժապաւէնի ոճը, որը շատ հրապուրիչ է: Հայաստանի հետ անմիջական համաարտադրութիւն այն, ամենայն հաւանականութեամբ, չի ունենայ: Հնարաւոր է, որ որպէս համաարտադրող երկիր հանդիսանան Քանատան եւ Թուրքիան», ըսած է բեմադրիչը: Թուրքիոյ հետ համաարտադրութեամբ ստեղծուած էր նաեւ «Շուներու կղզին» ժապաւէնը, որուն համար ժապաւէնին բեմագիրը Քաննի փառատօնին արժանացաւ «Ոսկէ արմաւենի» մրցանակին:
Աւետիքեանի գնահատմամբ, «Վերջին ռաունտը Պոլսոյ մէջ» անուղղակի եւ դաժան ձեւով կը պատմէ Թուրքիոյ պատմութիւնը, որ կ՛առնչուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ ֆաշականութեան: «Այսօր, կարծում եմ, Թուրքիայում կան համարձակ երիտասարդ արտադրիչներ, որոնք կը ցանկանան լինել այս գործի մէջ, որովհետեւ սա իրենց համար էլ է կարեւոր», պարզաբանած է ժապաւէնին հեղինակը:
ժապաւէնին առանցքին են քոյր ու եղբայր Ռոզան եւ Արմէնը, որոնք որբեր են եւ կ՛ապրին Ատիս Ապեպայի մէջ, ուրկէ ստիպուած են փախչելու Ճիպութի, ապա` Պոլիս: ժապաւէնին մէջ հերոսներու կեանքին մասին պատմող տարատեսակ իրադարձութիւնները կը հանգուցալուծուին Մարսէյի մէջ, ուր անոնք վերջնական բնակութիւն կը հաստատեն:
Աւետիքեանի հաւաստիացումով, ժապաւէնի ենթախորքին մէջ ներկայացուած է Ցեղասպանութեան գլխաւոր հետեւանքը` սփիւռքահայութիւնը: «Աշխարհի տարածքին սփռուած ազգի պատմութիւնն է հէնց ժապաւէնի վերջին ստորակէտը», ընդգծեց Աւետիքեան` աւելցնելով, որ փորձած է ժապաւէնին մէջ Ցեղասպանութեան հետեւանքները կապել Ա. եւ Բ. աշխարհամարտերու հետեւանքներուն հետ:

