Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հարցով Փութին-Օպամա Հանդիպում Մը Կրնայ Տեղի Ունենալ

Օպամա եւ Փութին

Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յառաջիկայ շաբաթ Պալիի մէջ գումարուելիք Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի պետութեանց վեհաժողովի ծիրին մէջ կրնան Սուրիոյ հարցը քննարկել:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով Փութինի աւագ խորհրդական Եուրի Ուշաքով յայտնած է, որ «տրամաբանական է, որ (Փութին) Պալիի մէջ (Օպամայի) հանդիպի` նկատի ունենալով սուրիական հարցին մէջ աշխատանքը»:

Միւս կողմէ` ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ շաբաթներէ ի վեր տեղի ունեցող բուռն բախումներէ ետք, սուրիական բանակը վերահսկողութեան տակ առած է Համան Կեդրոնական Սուրիոյ եւ Հալէպին կապող մատակարարման հիմնական ճամբուն վրայ ռազմավարական դիրք ունեցող Խանասեր գիւղը:

Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը իր երէկուան թիւին մէջ արդէն հաղորդած էր Սալմիյա-Հալէպ ճամբուն վրայ գտնուող Խանասեր գիւղին վրայ վերահսկողութեան հաստատման լուրը` նշելով, որ ատիկա յառաջիկայ ժամերուն ընթացքին դէպի Հալէպ «օժանդակութեանց մատակարարման ճամբան կը հարթէ եւ ձախողութեան կը մատնէ քաղաքը սովի մատնելու ընդդիմադիր զինեալներու փորձերը»:

Օրաթերթը նշեց, որ սննդեղէնով եւ բժշկական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած բեռնակառք պատրաստ են Հալէպ ուղղուելու:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը երէկուան թիւին մէջ` յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարներու, հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը մեծ ջանք կը թափէ մարզելու համար այն զինեալները, որոնք 2.5 տարիէ ի վեր սուրիական կառավարութեան դէմ կը կռուին: Ըստ օրաթերթին, կը նախատեսուի, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի այս ծրագիրը իւրաքանչիւր ամիս հարիւրաւոր մարզուած զինեալներ «արտադրէ», սակայն ամերիկացի պաշտօնատարներու կարծիքով, այդ թիւը զինեալներու ուժի ամրապնդման տեսանկիւնէն չնչին ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Ուստի «Սի.Այ.Էյ.»-ը յաւելեալ զինեալներ ուղարկած է Յորդանանի մէջ գտնուող մարզումի գաղտնի կեդրոններ` փորձելով իր պատրաստած զինեալներուն թիւը կրկնապատկել:

Ըստ ամերիկացի ներկայ եւ նախկին պաշտօնատարներուն, 2013-ին «Սի.Այ.Էյ.»-ի կողմէ մարզուած սուրիացի զինեալներուն թիւը հասած է հազարի:

Share this Article
CATEGORIES