Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՇՆԱՆԱՄՈՒՏԻ տեղատարափ անձրեւներու հոսքը երէկ պատճառ դարձաւ կարգ մը արկածներու, ինչ որ սաստիկ խճողում ստեղծեց լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ:

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ սուտ հաղորդակցութիւն մը` ռումբի գոյութեան գծով, երէկ պատճառ դարձաւ, որ որոշ ատենով առկախուին Պաապտայի դատարանի աշխատանքները` զգալի իրարանցում ստեղծելով պաշտօնեաներուն եւ ներկաներուն միջեւ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Միջազգային կարմիր խաչի ներկայացուցիչը` ծանօթացման այցելութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց պատասխանատու Միշել Տը Շատարեւեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )