Շաբաթական Իր Ընթացիկ Նիստին Ընթացքին. Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Պահանջեց Քարիւղի Հարցի Քննարկման Յատուկ Կառավարական Նիստի Մը Գումարումը
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը երէկ գումարեց շաբաթական իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին խոր ցաւակցութիւն յայտնեց Ինտոնեզիոյ նաւամոյն լիբանանցի զոհերուն համար: Քննարկելով երկրին ընդհանուր իրավիճակը` վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, ժողովականները ողջունեցին Պաալպեքի զանազան հեղինակութիւններուն կեցուածքները` շրջանին մէջ ապահովութեան հաստատման եւ օրինական ուժերուն զօրակցութեան գծով:
CATEGORIES Լիբանանեան

