Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Զգուշացնէ
Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը հերքեց լրատուական միջոցներու տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, վերջերս (1 հոկտեմբեր, 2013-ին) միջադէպ մը պատահած է դատաւորի մը եւ բանակային անցարգելի մը տարրերուն միջեւ` Մշարրաֆիէի (Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն) մէջ:
Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ լրատուութիւնը կ՛ընդգրկէ անհիմն ու չափազանցուած տեղեկութիւններ: Հաղորդագրութիւնը պատկան կողմերէն եւ յատկապէս լրատուական միջոցներէն ու մարմիններէն պահանջեց ըլլալ աւելի ճշգրիտ ու բծախնդիր:
CATEGORIES Լիբանանեան

