Շիիներու Գերագոյն Խորհուրդը Թրքական Իշխանութիւնները Պատասխանատու Կը Նկատեն Ազեզի Մէջ Առեւանգեալ Լիբանանցիներու Հարցին
Շիիներու գերագոյն խորհուրդը երէկ գումարած իր նիստի ընթացքին թրքական իշխանութիւնները պատասխանատու նկատեց Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու հարցով:
Քննելով երկրին հրատապ այլ հարցերը եւս` խորհուրդը ցաւակցութիւն յայտնեց Ինտոնեզիոյ ովկիանոսին մէջ նաւամոյն եղած լիբանանցիներուն համար` պետութենէն պահանջելով յաւելեալ հոգածութիւն ցուցաբերել այդ շրջաններուն:
Ժողովականները նաեւ կոչ ուղղեցին կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան` պատկան կողմերէն պահանջելով սերտացնել իրենց ճիգերը այս գծով:
CATEGORIES Լիբանանեան

