Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց Համաներման Օրինագիծը

Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ 102 ձայներով ընդունեց Հայաստանի անկախութեան 22-ամեակին առիթով համաներում յայտարարելու` նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկը:

Նիստի պատգամաւորներէն ոչ մէկը դէմ կամ ձեռնպահ քուէարկեց:

Արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան, պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, յայտնեց, որ համաներումը պիտի գործադրուի 4 հոկտեմբերէն մինչեւ 25 դեկտեմբեր:

Նախարարը ներկայացուց նաեւ համաներման գործադրման առաջնահերթութիւնները: «Առաջինը` անդրադառնալ այն խումբ մը մարդոց, որոնք պէտք է անմիջապէս ազատ արձակուին եւ անկէ ետք նոր անդրադառնալ այն մարդոց, որոնց պատիժներուն չափերը պէտք է կրճատուին, որովհետեւ թէեւ կարեւոր է մէկ օր շուտ իմանալ, թէ պատիժը որքան կը կրճատուի, բայց ոչ այնքան կարեւոր, որքան մէկ օր շուտ դուրս գալը», յայտնեց Թովմասեան:

Համաներման շնորհիւ աւելի քան 500 բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակուին:

Արդարադատութեան նախարարը յայտնեց, որ մօտաւորապէս 500-600 բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակուին, բայց համաներումը պիտի ընդգրկէ առնուազն 1300 բանտարկեալներ: Քրէակատարողական հիմնարկի ղեկավարները մէկ առ մէկ պիտի սերտեն դատերը, քննարկեն եւ որոշումներ տան:

«Ցմահ Բանտարկուածներուն Մէջ Կան Մարդիկ,
Որոնք Արժանի Են Մարդասիրական Մօտեցման»

Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

«Կարելի չէ չորս տարուան ընթացքին երեք անգամ համաներման օրինագիծ գործադրուի, բայց քրէակատարողական հիմնարկները այդքան ծանրաբեռնուած մնան: Ասիկա կը նշանակէ, որ մենք կա՛մ քրէածին ազգ ենք, որուն համաձայն չեմ, կա՛մ պարտաւոր ենք լուրջ վերատեսութեան ենթարկել քրէական արդարադատութեան համակարգը», Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան:

Պատգամաւորը ուշադրութիւն դարձուց այն հանգամանքին վրայ, որ մեկնելով նախորդ համաներումներու փորձառութենէն, օրէնքի դրոյթը տարբեր ձեւերով գործադրուած ու մեկնաբանուած է եւ ընդգծեց, որ այսօր անհրաժեշտ է, որ մեզի յստակ ու միատեսակ մեկնաբանութիւն տրուի: Ան անդրադարձաւ ցմահ բանտարկուածներուն` նշելով, որ անոնք համաներման մէջ չեն ընդգրկուիր, բայց, ըստ Մինասեանի, ցմահ բանտարկուածներուն մէջ կան մարդիկ, որոնք կրնան շատ աւելի արժանապատիւ ըլլալ, քան անոնք, որոնք ազատութեան մէջ կը գտնուին: Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ կան մարդիկ, անշուշտ ոչ բոլորը, որոնք արժանի են մարդասիրական մօտեցման, որուն արժանացած են թէ՛ բանտարկութեան մէջ անցուցած տարիներով, թէ՛ վարքով ու բարքով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES