Նախագահ Սարգսեան Կոստանեանը Ներկայացուց Դատախազութեան Անձնակազմին
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի դատախազութիւն եւ անձնակազմի անդամներուն ներկայացուց նոր նշանակուած ընդհանուր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը:
Նախագահին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց Գէորգ Կոստանեանը իր պատասխանատու նոր պաշտօնին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց: Նախագահը յոյս յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազը իր նոր մօտեցումներով ու աշխատաոճով, դատախազութեան աշխատակիցներու օժանդակութեամբ պիտի կարենայ արդիւնաւէտօրէն լուծել համակարգին առջեւ դրուած խնդիրները:
Սերժ Սարգսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեանին երկարամեայ աշխատանքին համար` ընդգծելով, որ երկրին դատական-իրաւական համակարգին մէջ ան տակաւին ընելիք ունի:
CATEGORIES Հայկական

