Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը դիմաւորեցէք այնպէս, ինչպէս որ է: Եթէ ձեր ժամադրութիւնը յետաձգուի, ատիկա նկատեցէք դրական, որովհետեւ այդպէս աւելի լաւ կը պատրաստուիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շարունակեցէք ձեր ծրագրած աշխատանքը, առանց մտահոգուելու, թէ ինչ արդիւնք պիտի տայ այսօր ձեր գործունէութիւնը: Վստահ եղէք, որ ամէն ինչ կարգին պիտի ընթանայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի տատամսիք գործադրելու ձեր որոշումը, որ պիտի ունենայ լաւ անդրադարձ ձեր շրջանակին մէջ: Պիտի ունենաք նաեւ նիւթական շահեր:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հանդիպում մը պիտի ունենաք անձնաւորութեան մը հետ, որ ձեզի պիտի առաջարկէ նոր պաշտօն մը, որուն կը սպասէիք: Օրը բախտաբեր է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գործակիցներուն աշխատանքը գնահատեցէք ըստ արժանւոյն, առանց կողմնակալ տրամադրութեան: Ձեր վերաբերումը հոգեկան խաղաղութիւն պիտի պարգեւէ ձեզի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վերամուտը իրեն հետ պիտի բերէ նորութիւններ, ընտանեկան թէ կրթական մարզերու մէջ: Ձեր կարգին նոր նախաձեռնութիւններ պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գործունէութիւնը պիտի ըլլայ բարեբեր, հակառակ ձեր ունեցած կասկածամտութեան: Ձեզմէ վանեցէք յոռի միտքերը եւ մնացէք խաղաղ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ունիք մուրհակ վճարելու կամ այլ վճարումի հարցեր, մի ուշացնէք: Օրը օրին կատարեցէք ձեր նիւթական հաշիւները, որպէսզի չբարդուի գումարը կամ թիւրիմացութիւն չպատահի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կարճատեւ ճամբորդութեան մը կամ տեղափոխութեան մը հարց պիտի ունենաք: Ձեր հանդիպած նոր դէմքերու հետ եղէք պատրաստակամ, եթէ առաջարկներ ներկայացնեն: Մերժողական կեցուածք մի՛ ունենաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր օրեր, նոր պարտաւորութիւններ, նիւթական թէ բարոյական իմաստով: Ամէն պարագայի մտահոգուելու ոչինչ ունիք, կեանքը ունի իր ուղղութիւնը, ձեզի կը մնայ հետեւիլ անոր:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութիւնը պիտի օգնէ ձեզի ներշնչուելու, նոր գաղափարներ ունենալու, որ կը վերաբերի ձեր աշխատանքային ծրագիրներուն: Դրական տրամադրութիւն արտայայտեցէք ամէն պարագայի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանուկներուն հետ վարուեցէք սիրալիր: Անոնց փափաքները կատարեցէք կարելիին սահմանին մէջ: Եթէ մերժումի հարց ըլլայ, արտայայտեցէք սիրով: