50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 14 յունիս 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՌԱԳՈՅՆԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ՆԱՀԱՆԳԻ
ԿԱՌԱՎԱՐՉԱՏԱՆ ՎՐԱՅ

Ամերիկեան մամուլը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ձայնասփիւռները լայնօրէն արձագանգ եղան, վերջերս, մայիս 28-ի բոլոր տօնակատարութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան աննախընթաց շուքով:

Տիթրոյթի, Քանատայի, Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի բոլոր կարեւոր քաղաքներու ամերիկեան թերթերը յիշատակեցին Հայաստանի անկախութեան 43-րդ տարեդարձի հանդիսութիւնները եւ ցայտուն դարձուցին Դաշնակցութեան պայքարը` յանուն հայ ժողովուրդի անկախութեան եւ ազատութեան:

Նիւ Եորք նահանգի կառավարիչ Ռաքֆելլըրի մասնաւոր հրահանգով հայկական եռագոյնը ծածանեցաւ Նիւ Եորքի կառավարչատան վրայ, Ալպենիի մէջ:


ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՀՐԹԻՌԸ

ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՀԱՅ ՄԸ
100 ՄԱՐՔ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ

Շթութկարթէն (Գերմանիա) Արփիար Շարվազեան հետեւեալ նամակը ղրկած է Փարիզի «Յառաջ»ին.

«Յառաջ»ի մէջ կարդացի` «Հայերն ալ Սփութնիք կը շինեն» խորագիրով յօդուած մը, որ տեղեկութիւն կու տայ, թէ ինչպէ՛ս Պէյրութի մէջ հայ վարժարանի մը աշակերտները, իրենց գիտնական ուսուցիչին ղեկավարութեան տակ, հրթիռ մը պատրաստած եւ արձակած են. հրթիռը 13 քիլօ, թռիչքին արագութիւնը ժամական 800 քիլոմեթր, հասած բարձրութիւնը` 2300 մեթր:

«Երբ այս լուրը կարդացի, մարմինս փուշ-փուշ եղաւ:

«Հայ տաղանդաւոր ժողովուրդին զաւակները, ահա, առանց պետական օժանդակութեան, յաջողած են հրթիռ մը արձակել, երբ անդին պետութիւններ կան, որոնք անարող են նման յաջողութիւն մը արձանագրելու: Չեմ ըսեր, թէ ինչե՜ր պիտի կարենայինք դեռ ընել, եթէ ազատ պետութիւն ունենայինք: Բայց կ՛ուզեմ յայտնել, թէ ցեղային ի՛նչ հանճար է, որ գիտէ ետ չմնալ գիտական նուաճումներու ճամբուն վրայ, քալել մեծ պետութեանց յառաջդիմական գրոհին հետ:

«Թող իմանան օտարները, թող իմանայ ամբողջ հայութիւնը եւ հպարտանայ այս յաղթանակով:

«Քաջալերելու համար Պէյրութի հայ վարժարանին աշակերտները, նոր սփութնիքներու շինութեան համար, կը նուիրեմ հարիւր գերմանական մարք, այն յոյսով, որ ուրիշներ եւս պիտի հետեւին օժանդակութեան այս ձեռնարկին:

«Կեցցեն մեր երիտասարդ գիտնականները»:

ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՆՈՐ ՄԱՐԱՇԻ ՄԷՋ

(ՅԱՊԱՂԱԾ)

27 մայիս 1961, շաբաթ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին: Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան դաշտին վրայ, ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ընտանեկան խրախճանք մը` Հայաստանի Հանրապետութեան 43-րդ տարեդարձին առիթով:

Օրեր առաջ արդէն շրջանիս երիտասարդ ընկերները խանդավառ աշխատանքի մէջ էին` դրօշազարդելու եւ տօնական երեւոյթ տալու համար ընդարձակ դաշտին:

Շաբաթ երեկոյեան առաջին ժամերէն սկսեալ բազմահարիւր ընկերներ եւ համակիրներ իրենց ընտանեկան պարագաներով տեղ գրաւած էին խրախճանքի սեղաններուն շուրջը: Հետզհետէ ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն մէջ դաշտ ժամանեցին Լիբանանի հայ պետական երեսփոխանները, շրջանին քաղաքապետը, պետական անձնաւորութիւններ եւ հայ երեւելի ազգայիններ:

Երեկոն կը վարէր շրջանիս սիրուած արտասանող եւ ձեռնհաս սեղանապետ Յովհաննէս Պէրպէրեանը:

Խրախճանքը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով եւ «Յառաջ նահատակ»ով երգուած քառաձայն, Համազգայինի յեղափոխական երգերու երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Րաֆֆի Սվաճեանի:

Ապա մեներգեց Արտեմիս Տէօքմեճեան «Երգե՛ր, անգին երգե՛ր» երգը, որմէ ետք սեղանապետը բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս բժ. Ե. Խաթանասեանը, որ կուռ բանախօսութեամբ մը դրուատիքը հիւսեց հայ ժողովուրդին, մայիս 28 դարբնող հայոց ամրակուռ հաւատքին եւ մեր ազգին ադամանդեայ ամրութիւնը:

Այս խանդավառ բանախօսութենէն ետք, գեղեցիկ պարերով հանդէս եղաւ Համավասպուրականի հայրենակցական միութեան պարախումբը` ընկերակցութեամբ նոյն միութեան նուագախումբին:

Երեկոյի գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Յ. Կիւլոյեանները` արտասանութեամբ եւ մեներգով:

Շրջանիս նուագախումբը թափ տուաւ խանդավառութեան` հայկական գեղեցիկ եղանակներ նուագելով:

Ժամը 11:00-էն ետք սկսաւ երեկոյի անպաշտօն բաժինը: Եղան յանպատրաստից մեներգներ, արտասանութիւններ եւ անակնկալներ: Յեղափոխական եւ ազգային երգերը մինչեւ ուշ գիշեր իրարու կը յաջորդէին:

Յաջողութեամբ պսակուեցաւ «Սարդարապատ» կոմիտէին կազմակերպած վիճակահանութիւնը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES