Կիկզ Եւ Ռէալ Մատրիտ Մրցանիշ Հաստատեցին
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին հաստատուեցան երկու նոր մրցանիշներ:
Նախ եւ առաջ Մանչեսթըր Եունայթըտի վեթերան միջնապահ Ռայըն Կիկզ նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ այս մրցաշարքին գծով (ներառեալ` զտումի մրցումները) 145-րդ անգամ ըլլալով տեսնուեցաւ դաշտերուն վրայ:
39 տարեկան կալեսցի միջնապահը այսպիսով կոտրեց Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալեսի հաստատած մրցանիշը:
Նշենք, որ ան իր ակումբին հետ կատարած է աւելի քան 900 մրցում:
Երկրորդ մրցանիշը հաստատողը հանդիսացաւ Ռէալ Մատրիտ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ առաջին ակումբը, որ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Ա. հանգրուանի երկու մրցումի ընթացքին կը նշանակէ 10 կոլ:
Ռէալ Մատրիտ, որ իր կատարած առաջին մրցումին 6-1 արդիւնքով յաղթած էր Կալաթասարային, երկրորդին 4-0 արդիւնքով յաղթեց Քոփենհակընին:
Յատկանշական է նաեւ այն, որ այդ 10 կոլերուն կէսը նշանակած է փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:

