Տորթմունտի Մարզիչ Քլոփ Երկու Մրցումով Կախակայուեցաւ

Եիւրկըն Քլոփ (կեդրոնը)

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ երկու մրցումով կախակայուեցաւ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով սակայն:

Երեք օր առաջ ան Մարսէյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին եղած էր քիչ մը ջղային եւ դուրս գալով իր սահմաններէն, սկսած էր վիճաբանիլ իրաւարարին հետ: Ատոր ի տես, ան կարմիր քարտ ստանալով մրցումը շարունակած էր թրիպիւնէն:

Հետեւաբար, ան մէկ մրցումով կը մնայ կախակայուած` նկատի ունենալով, որ ան պատիժ արդէն իսկ վերոնշեալ մրցումին գործադրած էր:

Այժմ ան 22 հոկտեմբերին Արսենալի դէմ կատարուելիք մրցումին պիտի ըլլայ կախակայուած, որմէ ետք անոր կախակայումը կ՛աւարտի, կ՛եզրափակէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )