Անչելոթթի. «Պէյլի Վերադարձը` 15 Օր Ետք»

Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ, որ ապաքինման ընթացքի մէջ է, ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ 15 օր ետք:

Պէյլ, որ Ռէալ Մատրիտի միանալով հանդիսացաւ աշխարհի ամէնէն սուղ մարզիկը (փոխան` 100 միլիոն եւրոյի), այս շաբաթավերջին պիտի բացակայի Լեվանթէի դէմ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի մրցումին:

Իսկ անոր մասնակցութիւնը Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի վերջին երկու մրցումներուն հարցականի տակ է:

11 հոկտեմբերին Կալես պիտի հիւրընկալէ Մակեդոնիան, իսկ այս մրցումէն չորս օր ետք հիւրը պիտի ըլլայ Պելճիքայի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )