Ճատրակ. Լիբանանի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Անթուան Քասսիս` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ
«Կոլտըն Թիւլիփ Կալերիա» պանդոկին մէջ (Ժընահ) տեղի ունեցող Լիբանանի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Անթուան Քասսիս 3,5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Ան իր կատարած վերջին մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մահմուտ Մաասարանիի հետ:
Ամրօ Ժաուիշ 2,5 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը, իսկ Իպրահիմ Շահրուր` 3-րդ դիրքը: 2,5-ական կէտ ապահոված են նաեւ Ֆայսալ Խէյրալլա եւ Մարուան Նասսար:
Նշենք, որ մինչեւ 10 հոկտեմբեր երկարող այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին է Մայա Ժալլուլ, մրցաշարքին մասնակցող միակ աղջիկը:
Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն է Ալի Ժաուիշ, իսկ անոր օգնականը` Ռոլան Ախրաս:
CATEGORIES Մարզական